Օրերս, Պոլսոյ Ենիգիւղ թաղամասին մէջ, «Թէոթիքիա» մշակութային փառատօնի ձեռնարկներուն շրջածիրէն ներս, պատմաբան եւ պրպտող Հանրիէթ Թօփուզեան-Պասօղլու բանախօսութեամբ մը ներկայացուցած է վերջին երեք դարերուն Ենիգիւղի մէջ բնակած նշանաւոր հայ ընտանիքներու պատմութիւնը՝ լուսարձակի տակ առնելով անոնց ունեցած կարեւոր դերը Պոլսոյ տնտեսական, հասարակական, մշակութային եւ պետական կեանքին մէջ։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Կիրակի յետմիջօրէին, Ենիգիւղի յունաց Փանայիա եկեղեցւոյ սրահին մէջ, «Թէոթիքիա» մշակութային փառատօնի ձեռնարկներու շարքին տեղի ունեցաւ շահեկան բանախօսութիւն մը։ Պատմաբան եւ պրպտող Հանրիէթ Թօփուզեան-Պասօղլու շուրջ մէկուկէս ժամ տեւած իր ներկայացումով լուսարձակի տակ առաւ վերջին երեք դարերուն Ենիգիւղի մէջ բնակութիւն հաստատած նշանաւոր հայ ընտանիքները, որոնք իրենց գործունէութեամբ կարեւոր հետք թողած են ո՛չ միայն թաղի, այլեւ քաղաքի ու երկրի պատմութեան մէջ։
Ձեռնարկի բացման խօսքը արտասանեց քաղաքիս յոյն համայնքի ծանօթ դէմքերէն Լաքի Վինկաս, որ տեղեկութիւններ փոխանցեց «Թէոթիքիա» մշակութային փառատօնին մասին։ Ապա Մարալ Ֆուքս հակիրճ խօսքով ներկաներուն ներկայացուց օրուան բանախօսը։
Հանրիէթ Թօփուզեան-Պասօղլու, որ վերջին տարիներուն պատմական եւ համայնքային բազմաթիւ նիւթերու շուրջ ուսումնասիրութիւններով ու բանախօսութիւններով հանդէս կու գայ, այս անգամ եւս մանրակրկիտ պատրաստուած նիւթով մը ներկայացաւ ամբողջութեամբ լեցուն սրահի ունկնդիրներուն։
Ան նախ անդրադարձաւ Ենիգիւղի պատմութեան՝ նշելով, որ բնակավայրը 1700ական թուականներէն սկսեալ աստիճանաբար զարգացած էր իբրեւ ձկնորսական գիւղ, իսկ ժամանակի ընթացքին դարձած էր Պոսֆորի ամենէն նախընտրուած բնակավայրերէն մէկը՝ մասնաւորաբար ունեւոր եւ ազդեցիկ ընտանիքներու համար։
Բանախօսութեան հիմնական բաժինը նուիրուած էր Ենիգիւղի հայկական ներկայութեան։ Հանրիէթ Թօփուզեան-Պասօղլու հերթաբար անդրադարձաւ Տիւզեան, Տատեան, Թընկըրեան, Ճեզայիրլեան, Գույումճեան, Ալլահվերտի, Պէյազճեան, Իհմալեան, Տամատեան եւ Մանաս ընտանիքներուն, որոնք երեք դարէ աւելի ժամանակաշրջանի մը ընթացքին բնակած են Ենիգիւղի մէջ եւ իրենց ուրոյն աւանդը բերած՝ Պոլսոյ տնտեսական, հասարակական, մշակութային ու պետական կեանքին։
Յատկապէս հետաքրքրական էին Պոսֆորի ափերուն կառուցուած հայկական ապարանքներուն մասին փոխանցուած տեղեկութիւնները։ Այս ընտանիքներէն շատեր Ենիգիւղի ծովեզերքին կառուցած կամ գնած էին մեծարժէք առանձնատուներ ու ապարանքներ, որոնց արժէքը այսօր գնահատել գրեթէ անկարելի է, բայց զանազան պատճառներով իրենց ձեռքերէն առնուած էին, կամ սեփականատէրերը հարկադրուած զանոնք վաճառած էին անհամեմատ ցած գիներով։
Բանախօսութեան ամենէն ուշագրաւ բաժիններէն մէկը կը վերաբերէր այսօր հանրութեան բոլորովին տարբեր անուններով ծանօթ Պոսֆորի կարգ մը պատմական ապարանքներու անցեալին։ Հանրիէթ Թօփուզեան-Պասօղլու օրինակներով ցոյց տուաւ, թէ այդ կառոյցներէն ոմանք նախապէս պատկանած կամ իբրեւ բնակարան ծառայած էին հայկական ընտանիքներու։ Այդ շարքին զարմանքով եւ յուզումով լսեցինք օրինակի համար որ «Սաիտ Հալիմ Փաշա ապարանք» անունով ծանօթ պատմական շէնքը նախապէս եղած է հայ ընտանիքի մը սեփականութիւնը։
Բանախօսը իւրաքանչիւր ընտանիքի ոդիսականը ներկայացուց անոր բնակած ապարանքներուն եւ ընտանիքի անդամներուն կենսագրութիւններուն ընդմէջէն՝ միաժամանակ լուսաբանելով Օսմանեան շրջանին անոնց ստանձնած պետական ու հասարակական կարեւոր պաշտօնները։ Այսպիսով, ներկայացումը պարզապէս ընտանիքներու եւ շէնքերու թուարկում մը չմնաց, այլ վերածուեցաւ Ենիգիւղի երբեմնի հայկական ներկայութեան լայն համապատկերի մը։
Մանրակրկիտ պրպտումներու վրայ հիմնուած բանախօսութիւնը մեծ հետաքրքրութեամբ ունկնդրուեցաւ ներկաներուն կողմէ։ Անգամ մը եւս ի յայտ եկաւ, թէ Պոսֆորի այսօրուան ճարտարապետական դիմագիծին ետին որքա՜ն բազմաշերտ պատմութիւն մը կը թաքնուի, եւ թէ հայ ընտանիքներու ներկայութիւնը ինչպիսի՜ կարեւոր տեղ ունեցած է այդ ժառանգութեան ձեւաւորման մէջ։
Ձեռնարկի աւարտին եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ սարքուեցաւ փոքր ընդունելութիւն մը։ Ներկաները այս առթիւ կարելիութիւն ունեցան զրուցելու բանախօսին հետ, լրացուցիչ հարցումներ ուղղելու եւ շնորհաւորելու զինք իր կատարած աշխատանքին համար։
Մենք եւս կը շնորհաւորենք Հանրիէթ Թօփուզեան- Պասօղլուն, որ հետեւողական, բազմակողմանի եւ պատասխանատու ուսումնասիրութեամբ կը շարունակէ լոյս սփռել Պոլսոյ հայութեան պատմութեան քիչ ծանօթ կամ ժամանակի ընթացքին մոռացութեան մատնուած էջերուն վրայ, եւ նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք իր ապագայ գործունէութեանց մէջ։


Ա. Հ.