Իսրայէլի նախագահը Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարան պիտի այցելէ: Այս մասին տեղեկութիւնը ստացանք Երուսաղէմի մեր աղբիւրէն: «Արեւելք»ի աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ Իսրայէլի նախագահ՝ Րովին Րովլէն յառաջիկայ երկուշաբթի օր պիտի այցելէ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարան եւ ընդունուի Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք ՝ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանին կողմէ: Իսրայէլի նախագահին այցը կ'իյնայ Սուրբ Զատիկը շնորհաւորելու ծիրէն ներս, այցին ներկայ պիտի ըլլան Երուսաղէմի քրիստոնեայ տարբեր համայնքներու ներկայացուցիչներ: Րիվլինի սոյն այցը առաջինն է իր տեսակին մէջ: