image

«Իսրայէլի հետ նոյն շահերն ունինք» Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ

«Իսրայէլի  հետ նոյն շահերն  ունինք» Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ

Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մուհամմատ Պըն Սըլման յայտարարած է, որ Սէուտական Արաբիան եւ Իսրայէլը ընդհանուր թշնամի ունին, սակայն անոնց միջեւ յարաբերութիւնները պիտի չվերականգնուին, մինչեւ Պաղեստինի մէջ խաղաղութեան հաստատումը:

Պըն Սըլման այս մասին խօսած է ամերիկեան «Times» թերթին տուած հարցազրոյցի ժամանակ, պատասխանելով այն հարցին, թէ ինչքանով Սէուտական Արաբիոյ եւ Իսրայէլի շահերը կը համընկնին: Պըն Սըլման պատասխանած է. «Մենք բացի նոյն թշնամին ունենալէն,    նաեւ տնտեսական համագործակցութեան  հեռանկարներ ունինք, սակայն մ չենք կրնար Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններ մշակել,  նախքան պաղեստինեան հարցի լուծումը, որովհետեւ երկու կողմերն ալ ապրելու եւ համակեցութեան իրաւունք ունին»:

Նշենք, որ հակառակ Սէուտական Արաբիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ պաշտօնական յարաբերութիւններու բացակայութեան, վերջին երկու տարիներու ընթացքին անոնց միջեւ երեւելի մերձեցում  եղած է: