Անցեալ Յունուարին Հայֆայի մէջ տեղի ունեցած պաշտօնական հանդիսութեան մը ընթացքին Իսրայէլի վարչապետ Բէնիամին Նաթանիահու հակիրճ խօսք մը արտասանելով կը յայտարարէր «Մեր արդիական սուզանաւերը աւելիով պիտի կատարելագործեն Իսրայէլի ծովուժը: Անոնք կարեւոր տուեալ են մեր բանակի առաւելութիւնը ամրացնելու համար»: Այս խօսքերը արտասանած պահուն Նաթանիահու չէր իսկ մտածեր, որ ամիսներ ետք Ռահավ անունը կրող եւ Գերմանիոյ մէջ պատրաստուած սուզանաւերու հարցը, որպէս լուրջ խնդիր շրջանառութեան մէջ պիտի մտնէր իսրայէլեան մամուլի ու յատկապէս երկրի ընդդիմադիր շրջանակներուն մօտ:
Խնդիրը անշուշտ ծագած էր Ռահավ տիպի 5-րդ սուզանաւի Հայֆայի զինուորական նաւահանգիստ հասնելէն առաջ: Կայ նաեւ այն կարծիքը, որ երկրի նախկին պաշտպանութեան նախարար Մոշէ Եահալոնի, իր պաշտօնէն հրաժարելուն հիմնական պատճառներուն մէջ, այլ հարցերու կողքին, կար նաեւ Իսրայէլի կառավարութեան ու անձնապէս Բէնիամին Նաթանիահույի Գերմանիոյ հետ կատարած «կասկածելիութեան» գործարքի հարցը:
Երկու պատասխանատուներուն միջեւ (Նաթանիահու-Եահալոն) տագնապը աւելի կը սրէր, երբ Եահալոն տեղական մամուլին հետ խօսելով յայտարարած էր, որ Ռահավ սուզանաւերու գործարքը բաւական կասկածելի գործարք է: Ան այդ օրերուն կոչ ուղղած էր կառավարութեան առնուազն կարճել այդ գործարքը եւ ինը սուզանաւի փոխարէն ստանալ վեց սուզանաւ:
35 Նաւաստիներով կառավարուող եւ 24 թոն կշռող Ռահավ սուզանաւերու ընդհանուր գործարքը կը գնահատուի 1.5 պիլիոն եւրոյով: Յատուկ Իսրայէլի պատուէրով պատրաստուող այս սուզանաւերը նոյնպէս կարողութիւնը ունին «շալկելու» կորիզային գլուխներ եւ այդ կէտն էր, որ պիտի կարողանար յաւելեալ առաւելութիւն դառնալ Իսրայէլի բանակին:
Վերադառնալով այս խնդրի սքանտալային բնոյթ մը ունենալուն, պէտք է նշել, որ խնդրին մասին առաջին անգամ կ'արտայայտուէր իսրայէլեան «Մաարիվ» պարբերականը, որ ցայսօր ալ հերթական հրապարակումներով կը շարունակէ «լոյս սփռել» գերմանական արտադրութիւն հանդիսացող սուզանաւերուն վրայ: Իսրայէլեան քաղաքական շրջանակներուն մօտ խնդրին առընթեր ամէնէն շատ հարցականներու դուռ կը բանար այն հանգամանքը, որ այս զինուորական կարեւոր գործարքի բոլոր մանրամասնութիւններուն տիրապետող եւ կառավարութեան անունով բանակցորդը վարչապետի ընտանիքին գլխաւոր փաստաբան ՝ Տէյվիտ Շիրմոնն էր:
Սիոնիզմի հանդէպ իր դրական դիրքորոշումներով ճանչցուած այս գործիչի անուան շուրջ բաւական մեծ հարցականներ կային, բայց հակառակ դժգոհութեան ալիքին, ան ցայսօր ալ կը շարունակէ ոչ միայն կառավարութեան շահերը պաշտպանել, այլ կը գլխաւորէ երկրի ազգային անվտանգութեան հետ կապ ունեցող թղթածրարներու գլխաւոր իրաւաբան – խորհրդատուի պաշտօնը:
Մինչ մամուլին մէջ սուզանաւերու խնդրին վերաբերեալ ամէնօրեայ քննարկումները կը շարունակուին, կառավարութիւնն ու ազգային անվտանգութեան մարմինները կը գոհանան «յստակեցման» յայտարարութիւններ կատարելով եւ յիշեցնելով, որ Ռահավ սուզանաւերու գործարքը անհրաժեշտութիւն էր Իսրայէլեան բանակին համար:
Խնդիրը հոս չի վերջանար: Եթէ Իսրայէլի վարչապետը այս հարցէն զատ այլ խնդիրներ չդիմագրաւէր, ապա հեշտ պիտի ըլլար այս տագնապն ալ անտեսել եւ սովորականին պէս շարունակել աշխատանքները: Սակայն իրականութեան մէջ այդպէս չէ: Նաթանիահույի կառավարութեան առջեւ կան տասնեակ այլ հարցեր, որոնց խորքը ֆինանսական լուրջ բացթողումներու ծանր հոտը կայ: Այդ հարցերէն է 2014-ին Կազայի դէմ մղուած պատերազմին մեծ ծախսերու խնդիրը, որ ցայսօր ալ վերջնական լուծում չէ ստացած:
Այս բոլոր տուեալները պէտք է բաւարար համարուին ըսելու համար, որ 1996-էն ի վեր (մէկ ընդմիջումով) երկրի ղեկը ստանձնած Բէնիամին Նաթանիահու յայտնուած է լուրջ տագնապներու առջեւ:
Բայց իրականութիւնը այդպիսին չէ: Այդպիսին չէ, որովհետեւ անոր դիմաց չկայ կեդրոնական ընդդիմութիւն մը, որ կարողանայ այս խնդիրները բարձրաձայնելով հարուածել անոր ունեցած ընտրազանգուածը ու այդպիսով ծանր դրութեան մէջ դնէ անցնող չորս տարիներուն Իսրայէլ-ԱՄՆ յարաբերութիւններուն գահավիժման ամէնէն վատ փուլին ականատես եղած վարչապետը:
Այս բոլորէն բացի, Նաթանիահու դրական շունչով հետեւեցաւ ԱՄՆ նախագահական ընտրութիւններուն: Ու հակառակ անոր, որ իսրայէլացիներուն համար աւելի նախընտրելի պիտի ըլլար Դեմոկրատական թեկնածու Հիլարի Քլինթընի յաղթանակը, սակայն այսօր ալ երեւելի է, որ Նաթանիահու շատ չափաւոր ընկալումներով եւ բաւական զուսպ մօտեցումով կը հետեւի ԱՄՆ, 45- րդ նախագահի քայլերուն:
Ճիշդ է, որ ցարդ ջրբաժանի մը հանգրուանը չէ հասունցած ու իրերը աւելի յստակ պիտի դառնան Տանըլտ Թրամբի յառաջիկայ յունուարի կատարելիք նախագահական երդումէն ետք, բայց յայտնի է նաեւ, որ Թրամբ կրնայ Իսրայէլի համար սիրուած կամ «սպասուած» նախագահ մը չըլլալ:
Թրամբի Իսրայէլ այցելութիւնը ջնջելու մասին ըսած խօսքն անգամ կրնար բախումի հանգրուան մը բանալ, բայց այդպէս չեղաւ:
Չեղաւ, որովհետեւ ներքին ճակատին վրայ բաւականին բարդ եւ ծանր բեռան մը տակ եղող Նաթանիահու, եթէ համարձակէր ճակատումի երթալ Տանըլտ Թրամբին հետ, ապա յստակ պիտի դառնար, որ ան ընդունած է, որ իր քաղաքական ասպարէզը լրջօրէն վտանգուած է, հետեւաբար կ'արժէր բոլոր խաղաքարտերը այրել եւ դառնալ Թրամբի թիւ մէկ հակառակորդը Իսրայէլի մէջ:
Կայ նաեւ մետալի միւս երեսը, որ պայմանաւորուած է ԱՄՆ-ի նոր ղեկավարութեան Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս արաբներու հանդէպ որդեգրելիք նոր քաղաքականութեամբ կամ նախկին քաղաքականութեան շարունակմամբ:
Ամէն պարագայի, յառաջիկայ հանգրուանը կարեւոր հանգրուան մը պիտի ըլլայ Իսրայէլի վարչապետին համար: Ու եթէ ամերիկեան վարչակազմին հետ անոր յարաբերութիւնները խաթարուին, ապա շատ հաւանական է, որ Բէնիմաին Նաթանիահույին պայծառ օրեր չեն սպասեր:
Չմոռնանք նաեւ, որ Իսրայէլի խորհրդարանական ընտրութիւնները պիտի կայացուին 2019-ին եւ այդ ընտրութիւններուն է նաեւ, որ շատ բան պիտի վճռուի երկրի մը մէջ, ուր ընտրական գործընթացները գետնի վրայ փոփոխութիւններ յառաջացնելու մեծ գործընթացներ կը համարուին:
Սագօ Արեան
«Ժամանակ» /Պէյրութ