image

Իսրայէլա-սէուտական պատերազմի սպառնալիք «Հըզպալլա»ի դէմ. Bloomberg

Իսրայէլա-սէուտական պատերազմի սպառնալիք «Հըզպալլա»ի դէմ. Bloomberg

Ամերիկեան «Պլումպըրկ» գործակալութիւնն անդրադարձած է «Հըզպալլա»ի եւ Իսրայէլի միջեւ լարուածութեան ալիքի բարձրացման, նշելով, որ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ «Իսլամական Պետութեան» կրած պարտութենէն ետք տարածաշրջանին մէջ վերստին երեւան եկան հին հակամարտութիւնները, միաժամանակ զգուշացնելով իսրայէլա-սէուտական հաւանական պատերազմէ «Հըզպալլա»ի դէմ:

Գործակալութիւնը դիտել տուած է, որ Իսրայէլ եւ «Հըզպալլա» պատերազմի կը նախապատրաստուին, յիշել տալով իսրայէլցի ղեկավարներու կողմէ կատարուած այն յայտարարութիւնները, թէ հաւանական պատերազմի պարագային Իսրայէլ հրթիռակոծելով Լիբանանը Քարի դար պիտի վերադարձնէ զայն: «Պլումպըրկ»ի համոզմամբ, «Հըզպալա»ի զինամթերքի տասնեակ անգամներ աւելցած է 2006 թուականի պատերազմէն ի վեր:

«Մեծ թիւով ապացոյցներ կան, որի Իսրայէլի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ համաձայնութիւն կայ, բան մը, որ քաջալերանք կը ստանայ ԱՄՆ-ի կողմէ»,- կարծիք յայտնած է լրատուական գործակալութիւնը, միաժամանակ նշելով, որ երկու երկիրները մէկ թշնամիի դիմաց կը հանդիպին, որ Իրան է, իսկ Իսրայէլ եւ Սէուտական Արաբիա կը ձգտին միջոցները գործադրել«Հըզպալլա»ի դէմ, որ Թեհրանի կողմէ կը հովանաւորուի:

«Պլումպըրկ»ի կարծիքով, Իսրայէլ եւ Սէուտական Արաբիա Միջին Արեւելքի մէջ ամերիկեան ռազմավարութեան առանցքը կը կազմեն, իսկ Նաթանիահուն, Թրամբն ու Պին Սալմանը միաւորողը Իրանի դէմ պայքարն է: Անոնք երեքն ալ, ըստ լրատուական գործակալութեան, կը սարսափին Սուրիոյ, եւ առհասարակ տարածաշրջանին մէջ Իրանի հզօրացումէն, եւ այլ հողի վրայ կը ձգտին պատասխան հարուած հասցնել անոր, իսկ ամենայարմար տարածքը Լիբանան է, նկատի ունենալով, որ «Հըզպալլա» տարածաշրջանին մէջ Իրանի հասանելիութեան գրաւականն է: