image

Իսրայէլ պաղեստինցի լրագրող մը սպաննեց

Իսրայէլ պաղեստինցի լրագրող մը սպաննեց

Պաղեստինի առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ շաբաթ օրը նահատակուած է պաղեստինցի լրագրող մը, ազդուած իր ստացած վէրքերէն՝ Իսրայէլի բանակի կողմէն Կազայի հատուածի սահմանին: Այսպիսով Ուրբաթ օրուայ նահատակներուն թիւը կը բարձրանայ 10-ի:

Նախարարութիւնը հաղորդեց որ, ուրբաթ օրուայ իրադարձութիւններուն արձանագրուեցան 10 զոհեր եւ 1354 վիրաւոր, որոնցմէ 491-ը ուղղակի կրակելով եւ պայթուցիկներով եւ մինչ օրս 33 վիրաւոր կը գտնուին ծանր վիճակի մէջ:   

Թղթակիցներու միութիւնը գուժեց մահը  31 ամեայ նահատակ թղթակից-լուսանկարիչ Եասեր Մուրդաժան, որը կ'աշխատէր Կազայի Այն Մետիա գործակալութեան մէջ:

Թղթակիցներու միութիւնը ուրիշ յայտարարութեամբ համարեց, որ Մուրդաժայի նահատակութիւնը եւ ուրիշ 7 թղթակիցներու վիրաւորուիլը պնդում կը հանդիսանայ Իսրայէլի բանակի կողմէն շարունակելու պաղեստինցի լրագրողներու հանդէպ ոճրագործութիւնները, քաղաքական մակարդակի որոշումով, որը կ'արդարացնէ եւ կը քաջալերէ թղթակիցներու սպանութիւնը:

Ըստ «Ռօյթըրզ» լրատուական գործակալութեան, միութիւնը կոչ ուղղեց լայն մասնակցութիւն բերելու Կազայի լրագրողի յուղարկաւորութեան ինչպես նաև կոչ ուղղեց բոլոր թղթակիցներուն եւ ժողովուրդին մասնակցելու տեղի ունենալիք նահատակի հաւատարմութեան եւ յարգանքի երեկոյին Մայտան Մանարա, Ռամալլայի մէջ: