Իսլամապատի մէջ կայացած է Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահներու՝ Ալիեւի եւ Էրտողանի հանդիպումը: Այս մասին կը հաղորդէ Ալիեւի մամլոյ ծառայութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը գոհունակութիւն յայտնած են երկու երկիրներու միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու աշխոյժ զարգացման կապակցութեամբ: Նախագահները քննարկած են ուժանիւթի ոլորտի մէջ իրագործուող նախագիծերու մասին, ընդգծելով այդ ուղղութեամբ ջանքերը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը:
Տեղեկատուութեան համաձայն՝ Ալիեւ եւ Էրտողան կարծիքներ փոխանակած են երկու կողմերը հետաքրքրող շարք մը հարցերու վերաբերեալ: