image

«Իշխանութիւնները հանգիստ եւ զուսպ կը կատարեն իրենց պարտականութիւնը» Լեւոն Տէր Պետրոսեան(Տեսանիւթ)

«Իշխանութիւնները  հանգիստ եւ զուսպ  կը կատարեն իրենց պարտականութիւնը» Լեւոն Տէր Պետրոսեան(Տեսանիւթ)

Հայաստանի Հանրապետութեան  առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան դրական  գնահատական  տուած է   ՀՀ  եւ ԼՂՀ իշխանութիւններու       ընդհանուր վարմունքէն կապուած  վերջին օրերուն  Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած   իրադրութեան:  Այսօր Ստեփանակերտի մէջ ԼՂՀ նախագահ  Բակօ Սահակեանին հետ իր ունեցած հանդիպման   աւարտին  լրագրողներուն հետ կարճ զրոյց մը ունենալով Լեւոն Տէր-Պետրոսեան մասնաւորապէս  ըսած է, թէ «իշխանութիւնները  հանգիստ եւ զուսպ  կը կատարեն իրենց պարտականութիւնները»:    Նշենք, որ  ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան  ողջունած էր   Տէր-Պետրոսեանի  Արցախ տուած  այցելութիւնը եւ շեշտած  մասնաւորապէս այս   հանգրուանին ներքին միասնակամութեան   ամրացման կարեւորութիւնը:    Տէր-Պետրոսեան  աւելի վաղ  եւ  արցախեան  դէպքերու     նախօրէին   իր առանձնատան մէջ  ընդունած էր   ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան  եւ վերջինիս հետ քննարկած     Արցախի ընդհանուր  դրութիւնը: Այցը կայացած էր  Տէր-Պետրոսեանի   առաջարկով: 


 

 

 

 

https://www.youtube.com/watch?v=CrfqwMpUf9k