Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան դրական գնահատական տուած է ՀՀ եւ ԼՂՀ իշխանութիւններու ընդհանուր վարմունքէն կապուած վերջին օրերուն Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրադրութեան: Այսօր Ստեփանակերտի մէջ ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանին հետ իր ունեցած հանդիպման աւարտին լրագրողներուն հետ կարճ զրոյց մը ունենալով Լեւոն Տէր-Պետրոսեան մասնաւորապէս ըսած է, թէ «իշխանութիւնները հանգիստ եւ զուսպ կը կատարեն իրենց պարտականութիւնները»: Նշենք, որ ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան ողջունած էր Տէր-Պետրոսեանի Արցախ տուած այցելութիւնը եւ շեշտած մասնաւորապէս այս հանգրուանին ներքին միասնակամութեան ամրացման կարեւորութիւնը: Տէր-Պետրոսեան աւելի վաղ եւ արցախեան դէպքերու նախօրէին իր առանձնատան մէջ ընդունած էր ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ վերջինիս հետ քննարկած Արցախի ընդհանուր դրութիւնը: Այցը կայացած էր Տէր-Պետրոսեանի առաջարկով:
https://www.youtube.com/watch?v=CrfqwMpUf9k