Իրաքցի յայտնի կատակերգակ դերասան՝ Իհսան Տաատուշ վարակուած է «Քորոնա» ժահրով: Այս մասին, հակիրճ յայտարարութիւն մը տարածած է Իրաքի արուեստագէտներու սենտիքայի նախագահ՝ Ճապար Ժուտին։ Ժուտի ըսած է.- «Տաատուշ վարակուած է «Քորոնա»ով եւ փոխադրուած «Ալ Նահմանիյէ» հիւանդանոց:
Տաատուշ սիրուած դերասան մըն է, ան ունի մեծ թիւով երկրպագուներ, որոնք անհամբեր կը սպասեն իր գործերը, մանաւանդ Ռամատան ամսուան: Իրաքեան ընկերային ցանցերը մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած են դերասանի հիւանդութեան հանդէւ
Դերասանը, որ հիւանդութենէն ետք առաջին ելոյթը ունեցած է հիւանդանոցին մէջ, շնորհակալութիւն յայտնած է հիւանդանոցին ու բժիշկներուն, ապա դիմելով իր սիրելի հետեւորդներուն խնդրած է, որ աղօթեն իր համար:
Նշենք, որ վերջին տուեալներով երէկ Իրաքի մէջ արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրի վարակի 1749 պարագայ եւ 83 մահուան դէպք: Վարակակիրներու ընդհանուր թիւը հասած է 47151-ի, իսկ մահուան դէպքերունը՝ 1839-ի:
«Քորոնա»ի հետեւանքով Իրաքի մէջ մահացած են կարգ մը արուեստագէտներ, ինչպէս դերասան՝ Մունաֆ Թալէպ եւ իրաքեան ֆութպոլի աստղ՝ Ահմատ Ռատի:
Իր կարգին Իրաքի ֆութպոլի Միութիւնը յայտարարեց, որ միութեան Համակարգող յանձնաժողովի ատենապետ՝ Իյատ Պունիանի մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահր:
Իսկ Իրաքցի դերասանուհի՝ Ֆաուզիյէ Հասան, որ շաբաթներ առաջ վարակուած էր ժահրով, տակաւին մինչեւ հիմա կը բուժուի հիւանդանոցին մէջ: