image

Իրաքցի յայտնի կատակերգակ-դերասան Իհսան Տաատուշ «Քորոնա»ով վարակուած

Իրաքցի յայտնի   կատակերգակ-դերասան Իհսան Տաատուշ  «Քորոնա»ով   վարակուած

Իրաքցի յայտնի կատակերգակ դերասան՝ Իհսան Տաատուշ վարակուած է «Քորոնա» ժահրով: Այս մասին, հակիրճ յայտարարութիւն մը տարածած է Իրաքի արուեստագէտներու սենտիքայի նախագահ՝ Ճապար Ժուտին։ Ժուտի  ըսած է.- «Տաատուշ վարակուած է «Քորոնա»ով եւ փոխադրուած «Ալ Նահմանիյէ»  հիւանդանոց:

Տաատուշ սիրուած դերասան մըն է, ան ունի մեծ թիւով երկրպագուներ, որոնք անհամբեր կը սպասեն իր գործերը, մանաւանդ Ռամատան ամսուան: Իրաքեան ընկերային ցանցերը մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած են դերասանի հիւանդութեան  հանդէւ

 Դերասանը, որ հիւանդութենէն ետք առաջին ելոյթը ունեցած է հիւանդանոցին մէջ,  շնորհակալութիւն  յայտնած է հիւանդանոցին ու բժիշկներուն, ապա դիմելով իր սիրելի հետեւորդներուն խնդրած է, որ աղօթեն իր համար:

Նշենք, որ  վերջին տուեալներով   երէկ  Իրաքի մէջ արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրի վարակի 1749 պարագայ եւ 83 մահուան դէպք: Վարակակիրներու ընդհանուր թիւը հասած է 47151-ի, իսկ մահուան դէպքերունը՝ 1839-ի:

«Քորոնա»ի հետեւանքով Իրաքի մէջ մահացած են կարգ մը արուեստագէտներ, ինչպէս դերասան՝ Մունաֆ Թալէպ  եւ  իրաքեան ֆութպոլի  աստղ՝ Ահմատ Ռատի:

Իր կարգին Իրաքի ֆութպոլի Միութիւնը յայտարարեց, որ միութեան  Համակարգող յանձնաժողովի ատենապետ՝ Իյատ Պունիանի մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահր:

Իսկ Իրաքցի դերասանուհի՝ Ֆաուզիյէ Հասան, որ շաբաթներ առաջ վարակուած էր ժահրով, տակաւին մինչեւ հիմա կը բուժուի հիւանդանոցին մէջ: