Իրանը պատրաստակամ է, հայկական եւ ազրպէյճանական կողմերու հետ համագործակցելով, աջակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կայունութիւն եւ անվտանգութիւն հաստատելու գործին: Այս մասին այտարարած է Իրանի ԱԳՆ մամլոյ խօսնակ Պահրամ Ղասէմին։
Իրանի արտաքին գերատեսչութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը, մասնաւորապէս ըսած է. «Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը իր հիւսիսային հարեւաններուն զսպուածութեան կոչ կ'ընէ՝ կողմերուն յորդորելով ջանքեր գործադրել, որպէսզի առկայ տարաձայնութիւնը խաղաղ ճանապարհով լուծուի՝ երկխօսութեան միջոցով»։
«Միջազգային կառոյցները, որոնք ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման մէջ պատասխանատուութիւն ստանձնած են, պէտք է իրենց ստանձնած պարտաւորութիւնը կատարեն։ Միեւնոյն ժամանակ Իրանը պատրաստակամ է, հայկական եւ ազրպէյճանական կողմերու հետ համագործակցելով, աջակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կայունութիւն եւ անվտանգութիւն հաստատելու գործին»,-նշած է Պահրամ Ղասէմի։
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ