image
Հրատապ լուրեր:

Իրանի դէմ պայքարի ալիքը կապ ունի Լիբանանի ընտրութեանց արդիւնքներուն հետ. Al Jadeed

Իրանի դէմ պայքարի ալիքը կապ ունի Լիբանանի ընտրութեանց արդիւնքներուն հետ. Al Jadeed

«Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքը յօդուածով մը անդրադարձած է Թրամբի կողմէ միջուկային համաձայնագիրը չեղարկելու փաստին, նշելով, որ վերջինս կը պատրաստուէր ընթացիկ ամսուան 12-ին յայտարարել իր դիրքորոշումը, սակայն, ըստ կայքին հետ զրոյց ունեցած լրագրող Ղասսան Ժաուատի, շարք մը գործօններ դեր խաղացած են նշուած գործընթացի արագացման:

Պատճառներէն գլխաւորը, ըստ լրագրողին, վերջին տարուան ընթացքին Սուրիոյ մէջ հակամարտող ուժերու հաւասարակշռութեան խախտումն է, նկատի ունենալով, որ ամբողջ տարածաշրջանին մէջ Իրանի դաշնակիցները զգալի յառաջխաղացում գրանցեցին, բան մը, որ Իսրայէլի եւ Սէուտական Արաբիոյ մօտ մտահոգութիւն առաջացուց:

Երկրորդ գործօնը պաղեստինեան հարցը լուծելու ԱՄՆ-ի նախաձեռնութիւնն է, որուն կրնայ որպէս խանգարող հանգամանք դիտուիլ իրանական կողմը, հետեւաբար ԱՄՆ կը ձգտի Իրանի վրայ ճնշումներ բանեցնելու միջոցով չէզոքացնել վերջինիս ազդեցութիւնը:

Թրամբի կողմէ դիրքորոշման յայտարարութեան օրը փոխելու պաճառը, ըստ Ճաուատի, լիբանանեան ընտրութիւններու արդիւնքներն էին, ուր «Հըզպալլա» եւ իր դաշնակիցները զգալի յաղթանակ գրանցեցին, որուն ի պատասխան Թրամբ որոշեց նման «ընծայ» պարգեւել Սէուտական Արաբիոյ եւ Իսրաէլին:

Լրագրողին կարծիքով, միջուկային համաձայնագիրէն ԱՄՆ-ի դուրս գալու պատճառներէն մէկն ալ ուղղուած էր եւրոպական երկիրներուն դէմ, որոնք համաձայնագիրին շնորհիւ տնտեսական վերելք ապրեցան եւ իրենց ընկերութիւններն սկսան բարգաւաճիլ Իրանի մէջ, հետեւաբար վերջիններս ամերիկեան հովանաւորութեան տակ պահելու լաւագոյն միջոցը համաձայնագիրէն դուրս գալն էր: