Ինտոնեզիոյ թանգարաններէն մէկուն մէջ Հիթլերի պատկերին շուրջ մեծ աղմուկ բարձրացած է, մանաւանդ այն բանէն ետք, երբ թանգարանի տնօրէնութիւնը նկատած է այցելուներու կողմէ նշուած պատկերին դիմաց լուսանկարներ ստանալու բուռն ցանկութիւնը:
Ըստ ֆրանսական «Սլաթ» ամսագրին, Ինտոնեզիոյ «Եուկիաքարթա» մոմի թանգարանի տնորէնութիւնը նկատած է, որ Հիթլերի պատկերը յատուկ ուշադրութեան կ'արժանանայ թանգարանի այցելուներուն կողմէ, որ կ'ապացուցէ Ինդոնեզիոյ ժողովուրդին մօտ Հիթլերի վայելած մեծ ժողովրդականութիւնը:
«Հիթլեր թանգարանի այցելուներու նախընտրելի անձնաւորութիւնն է, եւ մենք ոչ մէկ խնդիր կը տեսնենք այդ մէկուն մէջ, որովհետեւ այցելուները բացառապէս հաճոյքի եւ ժամանցի համա կու գան»,- յայտնած է թանգարանի գովազդային բաժնի տնօրէնը:
Նշենք, որ Հիթլերի պատկերը թանգարանի հաւաքածոյին միացած է 2014 թուականին, որմէ ետք որոշ կազմակերպութիւններ ընդդիմացած են զայն այնտեղ տեղադրելու գաղափարին դէմ, պնդելով, որ «Ցեղասպանութեան ճամբարին դիմաց Հիթլերի պատկերը զզուանք կ'առաջացնէ, իսկ այն թանգարանին մէջ տեղադրելը զոհերու յիշատակը ծաղրել կը նշանակէ»:
Ինչ կը վերաբերի Ինտոնեզիոյ ժողովուրդին Հիթլերի անձով հմայուած ըլլալուն, հարաւ-արեւելեան Ասիոյ պատմութեան մասնագէտներէն մէկը նշած է, որ Ինտոնեզիոյ մէջ Հիթլերի անձը բուռն քննարկումներու առարկայ է, սակայն ոմանք չափազանցուած կերպով կը սիրեն զինք, օրինակ, այնտեղ կարելի է հանդիպիլ սրճարանի մը, որ «Հիթլեր» անունը կը կրէ, ուր կահոյքին, եւ անգամ մատուցողներու տարազներուն վրայ պատկերուած են վերջինիս խորհրդանիշը:
«Շատ տարածուած երեւոյթ է Ինտոնեզիոյ մէջ, երբ գերմանացի զբօսաշրջիկներու կը հանդիպին ու կը յայտնեն, որ իրենք շատ կը սիրեն Հիթլերը, առանց որեւէ գաղափար ունենալու անոր իրականացուցած կոտորածներուն մասին»,- ըսած է պատմագէտը: