image

Հայաստանի ժողովուրդը իր խօսքը ըսաւ, համաձայն ըլլանք կամ ոչ․․․

Հայաստանի ժողովուրդը իր խօսքը ըսաւ, համաձայն ըլլանք կամ ոչ․․․

Հայաստանի խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւնները  շատ բուռն եղան։ Ընտրութիւններու թեկնածուներուն մասին շատ գրուեցաւ եւ խօսուեցաւ, թէ ո՛վ պէտք է առաջնորդէ Հայաստանը՝ վերջին կործանարար պատերազմի, ժողովուրդի անմխիթար վիճակի եւ Հայաստանի ու Արցախի տարածքային ամբողջականութեան դէմ սպառնալիքներու լոյսին տակ:

Նիկոլ Փաշինեան իշխանութեան եկաւ երեք տարի առաջ: Հայ ժողովուրդի ճնշող մեծամասնութիւնը, Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ, ջերմօրէն ողջունեց զինք՝ արձագանգելով նախկին ղեկավարներու հանդէպ ունեցած հակակրանքին: Սակայն, Փաշինեան չարդարացուց ժողովուրդին խանդավառ աջակցութիւնն ու ակնկալութիւնները: Շատերը հիասթափեցան աշխատելու իր անկարողութենէն՝ պատերազմի ընթացքին եւ անկէ առաջ: Այդպէս ըլլալով հանդերձ, նախկին ղեկավարներուն հանդէպ  ժողովրդային չկամութիւնը այնքան ուժեղ էր, եւ անոնց՝ իշխանութեան վերստին տիրանալու հեռանկարը այնպիսի վախեր յառաջացուցած էր քաղաքացիներուն մօտ, որ ընտրողներուն մեծ մասը կա՛մ չմասնակցեցաւ ընտրութիւններուն, կա՛մ քուէարկեց յօգուտ Փաշինեանի: Փաշինեանի համոզիչ յաղթանակը՝ ան հաւաքեց ձայներու գրեթէ 54 տոկոսը, զարմանալի չէր այնքան, որքան նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի գլխաւորած դաշինքին արձանագրած արդիւնքը. վերջինս կրցաւ հաւաքել ձայներուն 21 տոկոսը:

Այսուամենայնիւ, Հայաստանի մէջ մարդիկ իրենց խօսքը ըսին։ Մենք պէտք է յարգենք անոնց ընտրութիւնը՝ համաձայն ըլլանք կամ ոչ: Սփիւռքահայերը իրաւունք չունին քուէարկելու Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող ընտրութիւններուն:  Նոյնիսկ Հայաստանի քաղաքացիները, որոնք կ՛ապրին երկրէն դուրս, չեն կրնար քուէարկել,  բացի եթէ ընտրութիւններուն օրը  վերադարձած են ծննդավայր: Այսպիսով, ասիկա միայն Հայաստանի հողին վրայ ապրողներուն ընտրութիւնն է։ Անոնք իրաւամբ պիտի կրեն իրենց ընտրութեան անմիջական ազդեցութիւնը՝ լաւ կամ վատ: Իմ կարծիքով, Փաշինեան չունի կարողութիւն՝ բազում խնդիրներ ունեցող երկիրը կառավարելու համար։ Լուծումներ գտնելու փոխարէն, ան, ցաւօք, աւելի եւս վատթարացուցած է իրավիճակը՝ իր եւ իր խորհրդականներուն ու նախարարներուն ապաշնորհութեան պատճառով:

Ցաւօք, քարոզարշաւի ընթացքին հնչեցին  բռնութիւն  հրահրող,    ատելութիւն  եւ վիրաւորանք պարունակող նողկալի բազմաթիւ խօսքեր, յատկապէս Փաշինեանի կողմէ։ Անհաւատալի էր այն, որ քարոզարշաւի ընթացքին ան մուրճ թափ կու տար եւ կը սպառնար ընտրութիւններէն ետք զայն օգտագործել իր մրցակիցներուն դէմ: Փաշինեան բազմիցս սպառնացած է զանոնք «փռել գետնին եւ ծեփել պատերուն»․․․: Ասոնք խօսքեր են, որ ինզինք յարգող ոչ մէկ ղեկավար պէտք է օգտագործէ իր ժողովուրդին դիմելու պահուն, անկախ անկէ, թէ քաղաքացիներ կը սատարե՞ն իրեն, թէ՞ոչ: Փաշինեան նաեւ ժողովուրդին ըսաւ, որ անցեալին նկարագրած իր «թաւշեայ յեղափոխութիւնը»  պիտի վերածէ «պողպատեայ յեղափոխութեան»: Ինծի համար զարմանալի է, որ մարդ մը, որ իշխանութեան եկած է հանդուրժողականութիւն եւ ժողովրդավարական սկզբունքներ քարոզելով, վերածուած է բռնապետի եւ կը սպառնայ բռնութիւն գործադրել իր քաղաքական ընդդիմախօսներուն հանդէպ: Աւելի տեղին է, որ նման թշնամական լեզու մը օգտագործուի Հայաստանի արտաքին թշնամիներուն դէմ:

Կը յուսամ, որ մեր թշնամիներուն բռնութենէն տառապելէ ետք, հայեր չեն դիմեր իրարու դէմ բռնութիւններ գործադրելու ոճին` քաղաքական անհամաձայնութիւններու պատճառով:  Անհրաժեշտ է ստեղծել քաղաքակիրթ  խօսակցութիւն  եւ կարծիքները քաղաքավարութեամբ արտայայտելու եղանակ:

Միւս տարօրինակ երեւոյթը, որուն ականատես եղանք՝ կառավարութեան յայտարարութիւնն էր ընտրութիւններէն առաջ, կապուած՝  քուէարկելու  իրաւունք ունեցող 2 միլիոն 578 հազար 678 քաղաքացիներու: Ասիկա շատ տարօրինակ ցուցանիշ մըն է՝ հաշուի առնելով այն փաստը, որ երկրին բնակչութիւնը կը կազմէ մօտաւորապէս 2.9 միլիոն հոգի: Եթէ այս ընդհանուր թիւէն նուազեցնենք քանակը մինչեւ 18 տարեկան երիտասարդներուն (700 հազար), որոնք չեն կրնար քուէարկել, ապա ընտրելու իրաւունք ունեցողներուն թիւը շատ աւելի քիչ պէտք է ըլլայ յայտարարուածէն: Միակ ճիշդ բացատրութիւնը այն է, որ  տարիներ առաջ երկիրը վերջնականապէս լքած հարիւր հազարաւոր հայերու անունները տակաւին արձանագրուած կը մնան քուէարկութեան ցանկերուն վրայ: Ընտրելու իրաւունք ունեցողներու այս մեծցուած թիւը պատճառն է ընտրութիւններու արդիւնքներու սխալ ցուցանիշին, ըստ որուն, քուէարկութեան մասնակցած քաղաքացիներուն թիւը երկրի բնակչութեան 50 տոկոսէն քիչ մը պակաս է: Ժամանակն է, որ կառավարութիւնը թարմացնէ ընտրական իր ցուցակները եւ ջնջէ երկրէն վերջնականապէս գաղթած մարդոց մեծաթիւ քանակը: Եւ որովհետեւ  ընտրողները պէտք է ունենան բնակելի հասցէ, հետեւաբար, բոլոր անոնք, որոնք լքած են երկիրը, այլեւս իրաւունք  պէտք  չէ  ունենան  քուէարկելու: Աւելի՛ն. ընտրական ցուցակներու բիւրեղացումը կը չէզոքացնէ նաեւ ընտրական կեղծիքներու հաւանականութիւնը, որովհետեւ տեղացիները չեն կրնար քուէարկել երկրէն հեռացածներու օգտին, ինչպէս որ եղած է նախապէս:

Ինչպէս որ կ՛ակնկալուէր, բազմաթիւ մեղադրանքներ եղան կեղծ քուէներու մասին. իբրեւ արդիւնք՝ պարտուող կուսակցութիւնները մերժեցին ճանչնալ ընտրութիւններուն  արդիւնքները: Այս մասին որեւէ եզրակացութիւն ընելէ առաջ պէտք է սպասել դատարաններու որոշման:

Ընտրութեանց նախօրեակին, Փաշինեանի հակառակորդները կը խրատէին զինք լքել պաշտօնը եւ թոյլ չտալ, որ իր կառավարութիւնը վերահսկէ ընտրութիւնները՝ վախնալով ընտրական գործընթացին վրայ անտեղի ազդեցութենէ: Այսուհանդերձ, Փաշինեան մերժեց այդ ընել եւ մնաց իբրեւ վարչապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար: Հետեւանքը այն եղաւ, որ ան երկու լուրջ խախտումներ կատարեց նոյնիսկ նախքան քուէարկութիւնը։ Քարոզարշաւի օրինական ժամանակէն քանի մը շաբաթ առաջ ան սկսաւ քարոզչութեան եւ իր նախընտրական արշաւներուն ժամանակ օգտագործեց կառավարութեան աղբիւրները, ինչ որ նոյնպէս անօրինական է:

Ընտրութիւններէն առաջ իսկ խստօրէն պառակտուած ժողովուրդը աւելի եւս բաժնուեցաւ ընտրութիւններէն ետք: Իրարայաջորդ ընտրութիւնները երկրին մէջ ժողովրդավարութիւնը խթանելու փոխարէն՝ երկրին ներսը աւելի մեծ անկայունութիւն յառաջացուցած են եւ աւելիով  հեռացուցած են Հայաստանը ժողովրդավարական երկրի մը նմանելու առիթէն: Հայերու մէջ այնքան ատելութիւն կայ, որ պէտք չէ մտահոգուիլ Հայաստանի թշնամիներով: Ցաւ ի սիրտ, հայերը իրե՛նք դարձած են իրենց ամէնէն վատ թշնամին: Բոլոր հայերը պարտաւոր են, անկախ իրենց քաղաքական նախասիրութիւններէն, նուազեցնել թշնամանքի աստիճանը, յատկապէս ընկերային լրատուական միջոցներու մէջ, եւ սորվիլ իրենց տարակարծութիւնները արտայայտել՝ առանց կոպիտ եւ թշնամական ըլլալու: Երկրի ղեկավարին պարտականութիւնն է հանդուրժողականութեան օրինակ ծառայել եւ խրախուսել բոլորը՝ իրարու նկատմամբ աւելի քաղաքակիրթ ըլլալու, այլ ոչ թէ կիրքեր բորբոքելու եւ սպառնալից լեզու օգտագործելու: Ի վերջոյ, մենք բոլորս մէկ ազգի զաւակներ ենք, եւ մեր հաւաքական շահերն ու ազգի գոյատեւումը պէտք է վեր դասենք որեւէ այլ հարցէ:

Այժմ, երբ խորհրդարանական երկու ընդդիմադիր խումբերը կը պատրաստուին ստանձնել Հայաստանի խորհրդարանի աթոռներուն մէկ երրորդը, քննարկումներն ու վէճերը որքան ալ սուր ըլլան, պէտք է որ փողոցէն տեղափոխուին օրէնսդիր մարմնի դահլիճներ:

Վերջապէս, անկախ անկէ, թէ որո՞ւն կ՛աջակցինք ընտրութիւններուն, մենք պէտք չէ մոռնանք այն փաստը, որ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ հայերը կը գտնուին աղէտալի վիճակի մէջ, յատկապէս վերջին պատերազմէն ետք, եւ մենք պէտք է ամէն ճիգ ի գործ դնենք անոնց օգնելու համար: Մենք նաեւ պէտք է փորձենք օգնել մեր ղեկավարներուն, նոյնիսկ եթէ համաձայն չենք անոնց հետ: Յոյսով եմ, որ Հայաստանի ղեկավարները, իրենց կարգին, կ՛ընդունին մեր պարզած ձեռքը եւ պատրաստ կ՛ըլլան լսելու իրենց առաջարկուած խորհուրդը: Մեր ժողովուրդի զաւակներուն կը մաղթենք ամենայն բարիք եւ կը խոստանանք, որ մեր ուժերուն ներած չափով ամէն բան ի գործ կը դնենք օգնելու համար իրենց, որպէսզի չկարծեն, թէ լքած ենք զիրենք բախտի քմայքին։

Յարութ Սասունեան

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան