Ինչո՞ւ մենք պարտուեցանք՝ այստեղ եւս սուտ տեղեկութիւն տարածելը մեզի օգուտ չի տար, ասուլիսի ժամանակ նկատած է ՀՀ ՊՆ ռազմական վերահսկողական ծառայութեան նախկին պետ, զօրավար-գնդապետ Մովսէս Յակոբեանը:
Անոր խօսքով՝ պարտութիւնը կործանում չէ, նոր յաղթանակ կերտելու հնարաւորութիւն է:
«Առաջին պատճառը ղեկավարումն է՝ Զինուած ուժերը խաղաղ պայմաններէն պատերազմի բերելու ընթացքին եւ պատերազմի ընթացին», - ըսած է ան:
Անդրադառնալով Գլխաւոր շտապի պետի պաշտօնէն իրեն ազատելու հանգամանքին՝ Յակոբեանն ըսած է, որ հեշտութեամբ չէ ընդունած, հիմնաւորում պահանջած է, որ իրեն բաւարարած է:
«Զիս հեռացնելը վարչապետը հիմնաւորեց, որ նախկին բոլոր ղեկավարները որոշեր է փոխել», -ըսած է Յակոբեանը:
Ան մանրամասնած է, որ առաջարկած է պաշտօնեայ, որ կրնար իրեն փոխարինել այդ պաշտօնին, սակայն իմանալով, որ Արտակ Դաւթեանը նշանակուած է, բարձրաձայնած է, որ ամէնէն անպատրաստ զօրավար նշանակուած է: