Հանրապետութեան տարածքին`օգոստոս 2-ի եւ 5-7-ի երեկոյեան ժամերուն առանձին շրջաններու մէջ կը սպասուի կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ։ Օգոստոս 3-4-ը կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ։
Քամին`հարաւարեւելեան եւ արեւելեան` 2-5 մ/վ։ Օգոստոս 2-7-ն Արմաւիրի մարզին մէջ, Արագածոտնի եւ Կոտայքի նախալեռներու մէջ, Շիրակի մարզի առանձին հատուածներու մէջ երեկոյեան ժամերուն կը սպասուի քամիի ուժգնացում՝ 15-18 մ/վ։
Օդի ջերմաստիճանը էապէս պիտի չփոխուի։
Երեւան քաղաքին մէջ`օգոստոս 2-ի երեկոյեան ժամերուն քաղաքի առանձին հատուածներու մէջ հնարաւոր է կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ։ Օգոստոս 3-6-ը կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ։ Օգոստոս 2-7-ի երեկոյեան ժամերուն կը սպասուի քամիի ուժգնացում՝ 14-17 մ/վ։