Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ չեղարկած է Իրանի դէմ նախատեսուած ռազմական հարուածները՝ այն պայմանով, որ կողմերը կարողանան արագօրէն համաձայնութեան հասնիլ։ Այս մասին կը հաղորդէ Al Jazeera-ն։
Թրամփի պնդմամբ՝ Իրանը եւ Մերձաւոր Արեւելքի շարք մը երկիրներ խնդրած են իրմէ ժամանակաւորապէս հրաժարիլ հարուածներէն։
ԱՄՆ նախագահը նաեւ յայտարարած է, որ հաւանական համաձայնութեան հիմնական շրջանակն արդէն համաձայնեցուած է։ Անոր խօսքով՝ պայմանաւորուածութիւնները կը նախատեսեն նաեւ Հորմուզի նեղուցի ամբողջական վերաբացումը։
Թրամփ նշած է, որ որոշումը կախեալ է բանակցութիւններու արագ ընթացքէն՝ չբացառելով ռազմական տարբերակին վերադառնալու հաւանականութիւնը, եթէ համաձայնութիւն ձեռք չբերուի։
Իրանը տակաւին հրապարակաւ չէ հաստատած Թրամփի յայտարարութիւնը՝ հաւանական համաձայնութեան շրջանակի վերաբերեալ։