image

«Հիւրմիւզ», …իսկ հիմա ալ «Պապ Ալ Մանտեպ»

«Հիւրմիւզ», …իսկ հիմա ալ «Պապ Ալ Մանտեպ»

Մերձաւոր Արեւելքի տագնապները կը շարունակուին 

Մերձաւոր Արեւելքի մէջ շարունակուող հակամարտութեան լոյսին տակ, մինչ բազմաթիւ վերլուծաբաններ կը կարծէին, թէ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ վերջնական համաձայնութիւնը մօտ է եւ շուտով պիտի մտնէ գործադրութեան փուլ,   գետնի վրայ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները ցոյց կու տան, որ համապարփակ կարգաւորումի հասնիլը տակաւին հեռու նպատակ մըն է։

Ճիշդ է, որ Իսլամապատի մէջ ձեռք բերուած նախնական համաձայնութիւնը հրապարակուած է, իսկ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփն ու Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանը առցանց կերպով վաւերացուցած են զայն։ Սակայն, այդ քաղաքական համաձայնութենէն անդին, գործադրութեան փուլը կը շարունակէ բախիլ լուրջ դժուարութիւններու, եւ համաձայնութեան շատ մը դրոյթներ տակաւին կը մնան թանաք՝ սպիտակ թուղթի վրայ։

Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ հարուածներ հասցնել  իրանեան ռազմական ենթակառոյցներուն, սակայն, ըստ բազմաթիւ ռազմական փորձագէտներու, Ուաշինկթըն առայժմ խուսափած է լայնածաւալ պատերազմի երթալէ։ Իրանի կողմէ ալ պատասխան գործողութիւնները կը շարունակուին՝ իր ունեցած ռազմական, ծովային եւ հրթիռային կարելիութիւններու ամբողջ գործածութեամբ, փորձելով հաստատել, թէ ամերիկեան ճնշումները անպատասխան պիտի չմնան։

Այս ամբողջին զուգահեռ, Թեհրան կը փորձէ բանալ ճնշման նոր «օճախ»ներ։ Անոր ռազմավարութիւնը կը հիմնուի Արաբական Ծոցի առանցքային երկիրներուն վրայ անուղղակի ճնշում բանեցնելու համար եւ միաժամանակ գործի դնելով իր տարածաշրջանային դաշնակիցները։ Այդ ծիրին մէջ թէ՛ Լիբանանի «Հըզպալլա»ն եւ թէ՛ Եմէնի «Անսար Ալլահ» (Հուսիներ) շարժումը կը դիտուին իբրեւ Իրանի տարածաշրջանային ռազմավարութեան հիմնական լծակներ։

Միեւնոյն ժամանակ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը կը շարունակէ իր «թէժ» խորհրդակցութիւնները Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի հետ, մինչ ամբողջ շրջանին մէջ կը պահպանուի անորոշութեան մթնոլորտ մը՝ պատերազմի ընդարձակման եւ քաղաքական համաձայնութեան հասնելու կարելիութիւններուն շուրջ։

Ա. Եմէն – Կարմիր ծովուն մէջ «շրջափակում՝ շրջափակման դիմաց»

Սանայի իշխանութիւններուն կողմէ Սէուտական Արաբիոյ դէմ ծովային շրջափակում պարտադրելու որոշումը ուժի մէջ մտնելէն ետք, Կարմիր ծովուն մէջ լարուածութիւնը նոր մակարդակի հասած է։ Սանայի զինուորական իշխանութիւնները զգուշացուցած են միջազգային նաւագնացական ընկերութիւնները՝ խուսափելու Ճետտայի եւ Եանպուի նաւահանգիստներէն, մինչ տեղեկութիւններ կան, որ դէպի սէուտական նաւահանգիստներ ուղղուող նաւերու շարժը արդէն նուազած է։

 Միւս կողմէ Եմէնեան աղբիւրներու համաձայն՝ Սանայի ծովուժը փակած է «Պապ Ալ-Մանտեպ»ի նեղուցը սէուտական առեւտրական նաւերուն եւ նաւթատարներուն դիմաց։ Ըստ նոյն աղբիւրներուն՝ «շրջափակում՝ շրջափակման դիմաց» քաղաքականութիւնը կրնայ ընդարձակուիլ նաեւ օդային շրջափակման, եթէ Ռիատ չընդունի Սանայի պահանջները կամ վերադառնայ զինուորական սրման։

Սանայի պաշտպանութեան նախարարութեան համաձայն՝  (երեքշաբթի օր)վեց սէուտական նաւերու դէմ արգելք դրուած է մուտք գործել Կարմիր ծովու նաւահանգիստներ, իսկ երկու նաւթատարներ ստիպուած ետ դարձած են «Պապ Ալ-Մանտեպ»ի նեղուցէն։

Սանայի ղեկավարութիւնը այս քայլերը կը ներկայացնէ իբրեւ շրջափակման առաջին փուլ՝ յայտարարելով, որ յաջորդ միջոցառումները պիտի ուղղուին Սէուտական Արաբիոյ Կարմիր ծովու նաւահանգիստներու գործունէութիւնը գրեթէ ամբողջութեամբ կաթուածահար ընելուն։

Բրիտանական Ambrey ընկերութիւնը զգուշացուցած է, որ սէուտական շահերուն առնչուող նաւերուն դէմ յարձակումներու վտանգը զգալիօրէն բարձրացած է, մինչ ապահովագրական վճարներն ալ էական աճ արձանագրած են։

Ռիատ իր կարգին մերժած է Սանայի մեղադրանքները եւ յայտարարած, թէ պիտի պաշտպանէ իր նաւերն ու անվտանգութիւնը՝ միջազգային իրաւունքի սահմաններուն մէջ։ Սակայն Սանան կը պնդէ, թէ Սէուտական Արաբիան տարիներէ ի վեր շարունակած է Եմէնի դէմ ծովային եւ օդային շրջափակման քաղաքականութիւնը։

 

Բ. «Հիւրմիւզ»– Իրանը կը պահպանէ ռազմավարական նախաձեռնութիւնը

«Հիւրմիւզ»ի նեղուցին մէջ ալ Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու դիմակայութիւնը կը շարունակուի։ Թէեւ  Ուաշինկթըն կը փորձէ սահմանափակել իրանական վերահսկողութիւնը, դաշտային տուեալները կը վկայեն, որ Թեհրան տակաւին  իր ձեռքերուն  մէջ կը  պահպանէ նախաձեռնութիւնը։

Ծովային երթեւեկութեան տուեալներու համաձայն՝ նաւերու մեծ մասը կը շարունակէ օգտագործել իրանական երթուղին, իսկ ամերիկեան սահմանափակումները չեն յաջողած փոխել ընդհանուր պատկերը։

Վերջին սրացումը սկսաւ այն պահուն, երբ Իրանը բողոքեց Միացեալ Նահանգներու եւ Օմանի նախաձեռնութեան դէմ՝ «Հիւրմիւզ»ի հարաւային հատուածին մէջ այլընտրանքային ծովային ուղի ստեղծելու փորձերուն։ Թեհրանի համոզումով՝ այդ քայլը կը հակասէ գոյութիւն ունեցող փոխըմբռնումներուն եւ կը շրջանցէ Իրանի իրաւասութիւնները։

Չնայած ամերիկեան օդային հարուածներուն, Իրանը կը շարունակէ ամրապնդել իր ռազմական ներկայութիւնը։ «Յեղափոխական պահակազօր»ի հրամանատարութիւնը հերթական անգամ յայտարարած է, որ իրանական ուժերը պատրաստ են վճռական պատասխան տալու որեւէ ամերիկեան նոր գործողութեան։

Իրանական լրատուամիջոցները նաեւ կը հաղորդեն, թէ հարուածուած է քուէյթեան  նաւթատար մը, որ փորձած էր անցնիլ նորաստեղծ ծովային երթուղիէն։ Միաժամանակ, Իրանի պետական հեռատեսիլը կը պնդէ, թէ իրանական հրթիռներն ու անօդաչու սարքերը հարուածած են Պահրէյնի, Քուէյթի եւ Յորդանանի մէջ գտնուող ամերիկեան ռազմակայանները։

Դիւանագիտական ճակատին վրայ, Քաթարի եւ Փաքիստանի միջնորդական ջանքերը առայժմ շօշափելի արդիւնք չեն տուած։ Քննարկուող տարբերակներէն մէկը տասնօրեայ զինադադարի հաստատումն է, սակայն կողմերուն միջեւ անվստահութիւնը կը շարունակէ մնալ գլխաւոր խոչընդոտը։

Իր հերթին, նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը պնդէ, թէ «Հիւրմիւզ»ի նեղուցին մէջ ամերիկեան ճնշումը կը շարունակուի եւ Իրանը պիտի չկարենայ վերականգնել իր միջուկային ծրագիրը՝ զգուշացնելով նոր հարուածներու մասին։

 

Քաղաքական անորոշութեան նոր փուլ 

Մերձաւոր Արեւելքի ներկայ փուլը կը տարբերի նախորդ տարիներէն մէկ հիմնական հանգամանքով. հակամարտութիւնը այլեւս սահմանափակուած չէ միայն Իրան-Իսրայէլ կամ Իրան-Միացեալ Նահանգներ առանցքով։ Այսօր կը ձեւաւորուի աւելի լայն աշխարհաքաղաքական դիմակայութիւն, ուր Կարմիր ծովը, «Հիւրմիւզ»ի նեղուցը, Արաբական ծոցը, Եմէնը, Լիբանանը եւ նոյնիսկ Սուրիան կը կազմեն փոխկապակցուած ռազմավարական շղթայ մը։ Ուստի, այս ճգնաժամը հասկնալու համար պէտք է դիտարկել ոչ միայն ռազմական գործողութիւնները, այլ նաեւ շրջանի մեծ դերակատարներուն քաղաքական հաշուարկները։

Իրանի ռազմավարութիւնը հիմնուած է այն համոզումին վրայ, որ եթէ ինք չի կրնար ուղղակի մրցիլ Միացեալ Նահանգներու ռազմական գերազանցութեան դէմ, ապա կրնայ ճնշում բանեցնել աշխարհի ամենակարեւոր ծովային ուղիներուն վրայ։ «Հիւրմիւզ»ի նեղուցը համաշխարհային նաւթի արտածման ամենազգայուն անցքերէն մէկն է, իսկ «Պապ Ալ-Մանտեպ»ը Կարմիր ծովը կը կապէ Հնդկական ովկիանոսին։ Այս երկու կէտերուն մէջ ճնշում բանեցնելը Թեհրանին կու տայ քաղաքական եւ տնտեսական ազդեցութեան կարեւոր լծակներ։

Այստեղ է, որ Եմէնի Հուսիներու դերակատարութիւնը կը դառնայ առանցքային։ Սանան այլեւս միայն Եմէնի ներքին հակամարտութեան կողմերէն մէկը չէ, այլ Իրանի տարածաշրջանային ռազմավարութեան գործուն բաղադրիչը։ Սէուտական Արաբիոյ դէմ ծովային շրջափակման սպառնալիքը առաջին հերթին տնտեսական եւ հոգեբանական ճնշումի միջոց է։ Թեհրան կը փորձէ Ռիատին «հասկցնել», որ շրջանի անվտանգութիւնը այլեւս կարելի չէ ապահովել առանց Իրանի շահերը նկատի առնելու։

Սակայն Սէուտական Արաբիան այսօր բոլորովին այլ դիրքի մէջ կը գտնուի, քան քանի մը տարի առաջ։ Ռիատը վերջին տարիներուն որդեգրած է տնտեսական վերափոխման լայն ծրագիր՝ «Vision 2030»-ը, որուն յաջողութիւնը ուղղակիօրէն կախեալ է տարածաշրջանային կայունութենէն։ Թագաւորութիւնը մեծ գումարներ կը ներդնէ զբօսաշրջութեան, արդիւնաբերութեան, նոր քաղաքներու եւ միջազգային ներդրումներու մէջ։ Հետեւաբար, Սէուտական Արաբիան ներկայ փուլին չի շահիր լայնածաւալ պատերազմէ մը։ Ան կրնայ պատասխանել անվտանգային միջոցներով, սակայն կը փորձէ խուսափիլ այնպիսի առճակատումէ, որ պիտի վնասէ իր տնտեսութեան եւ միջազգային ներդրումային հեղինակութեան։

Ահա թէ ինչու Ռիատի քաղաքականութիւնը այսօր հիմնուած է երկու զուգահեռ ուղղութիւններու վրայ։ Առաջինը՝ պաշտպանել իր նաւահանգիստներն ու ուժանիւթի արտածման ուղիները, իսկ երկրորդը՝ պահպանել Միացեալ Նահանգներու հետ ռազմավարական համագործակցութիւնը՝ առանց ամբողջովին փակելու դուռը Իրանի հետ երկխօսութեան առջեւ։ Այս երկակի քաղաքականութիւնը կը վկայէ, որ Սէուտական Արաբիան կը փորձէ իր շահերը պաշտպանել առանց տարածաշրջանը նոր համատարած պատերազմի մղելու։

Թուրքիոյ դիրքաւորումը նոյնպէս ուշագրաւ է։ Անգարա վերջին տարիներուն կը փորձէ ներկայանալ իբրեւ ինքնուրոյն տարածաշրջանային ուժ, որ կը պահպանէ կապերը թէ՛ Ուաշինկթընի եւ թէ՛ Թեհրանի հետ։ Թուրքիա չի փափաքիր Իրանի ամբողջական թուլացումը, որովհետեւ այդ պարագային շրջանին մէջ Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու ազդեցութիւնը աւելիով պիտի մեծնայ։ Միեւնոյն ժամանակ, Անգարա չի շահիր նաեւ Իրանի չափազանց հզօրացումէն, որովհետեւ այդ պարագային իր ազդեցութիւնը Սուրիոյ, Իրաքի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ կրնայ սահմանափակուիլ։

Այս պատճառով Թուրքիա կը շարունակէ խաղալ միջին ուղիի քաղաքականութիւն։ Ան կը քննադատէ ամերիկեան եւ իսրայէլեան ռազմական գործողութիւնները, սակայն նոյն ժամանակ չի միանար «Իրանեան ճակատ»ին։ Թուրքիոյ առաջնահերթութիւնը տարածաշրջանի տնտեսական ուղիներու եւ առեւտրական փոխադրամիջոցներու անվտանգութիւնն է, որովհետեւ երկարատեւ պատերազմը ուղղակի հարուած պիտի հասցնէ  թրքական տնտեսութեան։

Արաբական Ծոցի միւս երկիրները՝ Միացեալ Արաբական Էմիրութիւնները, Քաթարը, Քուէյթը, Պահրէյնը եւ Օմանը, եւս կը հետեւին զգուշաւոր քաղաքականութեան։ Անոնք կը գիտակցին, որ «Հիւրմիւզ»ի նեղուցի կամ Կարմիր ծովու երկարատեւ ապակայունացումը առաջին հերթին պիտի հարուածէ իրենց տնտեսութիւնը, որոնք հիմնուած են նաւթի, կազի եւ միջազգային առեւտուրի վրայ։ Այդ պատճառով ալ այս երկիրները կը նախընտրեն դիւանագիտական միջնորդութեան ուղին, նոյնիսկ երբ անոնցմէ ոմանք անվտանգային սերտ համագործակցութիւն ունին Միացեալ Նահանգներու հետ։

Յատկապէս Քաթարն ու Օմանը կը շարունակեն խաղալ հաղորդակցութեան կամուրջի դեր՝ փորձելով պահպանել երկխօսութեան խողովակները Թեհրանի եւ  Ուաշինկթընի միջեւ։ Իսկ Միացեալ Արաբական Էմիրութիւնները, հակառակ Իրանի նկատմամբ ունեցած վերապահութիւններուն, չեն փափաքիր առեւտրական եւ ծովային հաղորդակցութեան ամբողջական խափանում։

Միացեալ Նահանգներու համար եւս իրավիճակը բարդ է։  ԱՄՆ կը փորձէ պահպանել իր ռազմավարական ներկայութիւնը տարածաշրջանին մէջ եւ պաշտպանել համաշխարհային ուժանիւթի ազատ հոսքը, սակայն կը խուսափի այնպիսի պատերազմէ մը, որ կրնայ վերածուիլ երկարատեւ եւ ծախսալից հակամարտութեան։ Այս պատճառով ալ ամերիկեան հարուածները մինչեւ այժմ կը մնան սահմանափակ եւ հիմնականին մէջ կը ծառայեն «զսպման քաղաքականութեան»։

Այս բոլոր զարգացումները կը վկայեն, որ Մերձաւոր Արեւելքը կը մտնէ ուժերու նոր հաւասարակշռութեան շրջան մը։ Ոչ մէկ կողմ ունի վճռական յաղթանակ պարտադրելու կարողութիւն, սակայն բոլոր դերակատարները ունին այնքան ուժ, որ կարող են վնաս հասցնել իրենց հակառակորդներուն։ Արդիւնքը այն է, որ տարածաշրջանը կը շարունակէ ապրիլ «կառավարուող լարուածութեան» պայմաններուն մէջ, ուր ռազմական գործողութիւններն ու քաղաքական բանակցութիւնները կ'ընթանան միաժամանակ։

Եթէ մօտ ապագային քաղաքական համաձայնութիւն չձեւաւորուի, ապա «Հիւրմիւզ»ն ու Կարմիր ծովը պիտի շարունակեն մնալ համաշխարհային տնտեսութեան ամենազգայուն կէտերը, իսկ Սէուտական Արաբիան, Թուրքիան եւ Արաբական Ծոցի պետութիւնները ստիպուած պիտի ըլլան աւելի զգուշաւոր ու բազմավեկտոր քաղաքականութիւն վարել՝ իրենց անվտանգութիւնը, տնտեսութիւնը եւ տարածաշրջանային շահերը միաժամանակ պաշտպանելու համար։

 

Սագօ Արեան 
«Ժամանակ»/Պոլիս

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...