image

Ոչ եւս է Լիպարիտ Պետրոսեան. ուսուցիչ մը, որ կեանքեր կերտեց

Ոչ եւս է Լիպարիտ Պետրոսեան. ուսուցիչ մը, որ կեանքեր կերտեց

Խոր վիշտով տեղեկացանք կրթական մշակ, նուիրեալ հասարակական գործիչ եւ երկարամեայ ուսուցիչ Լիպարիտ Պետրոսեանի մահուան մասին, որ տեղի ունեցաւ 26 Յուլիս 2026-ին Միացեալ Նահանգներու մէջ։

Հանգուցեալ Լիպարիտ Պետրոսեան երկար տարիներ իր գիտելիքը, փորձառութիւնն ու նուիրումը ծառայեցուց Երուսաղէմի Սրբոց Թարգմանչաց Վարժարանին, ուր իր ուսուցչական առաքելութիւնը իրականացուց խղճմտանքով, սիրով եւ պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ։ Ան իր աշակերտներուն փոխանցեց ոչ միայն գիտելիք, այլեւ ազգային, բարոյական եւ մարդկային մնայուն արժէքներ՝ անջնջելի հետք ձգելով բազմաթիւ սերունդներու կեանքին մէջ։ Իր համբերատար մօտեցումը, բարի նկարագիրն ու կրթութեան հանդէպ անսակարկ նուիրուածութիւնը երախտագիտութեամբ պիտի յիշուին իր նախկին աշակերտներուն, գործընկերներուն եւ զինք ճանչցող բոլոր անձերուն կողմէ։

Լիպարիտ Պետրոսեան իր ծառայութիւնը սահմանափակած չէր միայն դպրոցով։ Երիտասարդ տարիքէն անդամակցած էր Հայ Երիտասարդաց Միութեան (ՀԵՄ) եւ գործուն մասնակցութիւն բերած անոր սկաուտական, մարզական, թատերական, մշակութային ու կազմակերպական աշխատանքներուն։ Երկար տարիներ եղած էր վարչութեան անդամ՝ իր փորձառութեամբ, խոհեմութեամբ եւ շինիչ խորհուրդներով նպաստելով միութեան զարգացման եւ բարգաւաճման։ Ան այն սերունդի ներկայացուցիչներէն էր, որոնք ՀԵՄ-ի գաղափարներով կազմաւորուեցան եւ ամբողջ կեանքին ընթացքին հաւատարիմ մնացին այդ արժէքներուն։

Երուսաղէմէն Միացեալ Նահանգներ հաստատուելէ ետք եւս, Լիպարիտ Պետրոսեան շարունակեց ապրիլ հայրենասիրական ու ազգային ոգիով՝ պահպանելով իր կապը համայնքին, ընկերներուն եւ կրթական առաքելութեան հետ։ Իր մահը զգալի կորուստ մըն է թէ՛ Երուսաղէմի հայ գաղութին, թէ՛ կրթական աշխարհին եւ թէ՛ զինք ճանչցողներուն համար։

Հանգուցեալը իր ետին կը ձգէ սիրուած եւ յարգուած ուսուցիչի, նուիրեալ հասարակական գործիչի եւ ազնիւ մարդու լուսաւոր յիշատակը։

 Խորին ցաւակցութիւնները բոլոր հարազատներուն։