image

Ինչպէս սկսաւ բանակի քանդումը. Զօր. Յակոբեան փակագծեր բացաւ

Ինչպէս սկսաւ բանակի քանդումը. Զօր. Յակոբեան փակագծեր բացաւ

Ինչո՞ւ մենք պարտուեցանք՝ այստեղ եւս սուտ տեղեկութիւն տարածելը մեզի օգուտ չի տար, ասուլիսի ժամանակ նկատած է ՀՀ ՊՆ ռազմական վերահսկողական ծառայութեան նախկին պետ, զօրավար-գնդապետ Մովսէս Յակոբեանը:

Անոր խօսքով՝ պարտութիւնը կործանում չէ, նոր յաղթանակ կերտելու հնարաւորութիւն է:

«Առաջին պատճառը ղեկավարումն է՝ Զինուած ուժերը խաղաղ պայմաններէն պատերազմի բերելու ընթացքին եւ պատերազմի ընթացին», - ըսած է ան:

Անդրադառնալով Գլխաւոր շտապի պետի պաշտօնէն իրեն ազատելու հանգամանքին՝ Յակոբեանն ըսած է, որ հեշտութեամբ չէ ընդունած, հիմնաւորում պահանջած է, որ իրեն բաւարարած է:

«Զիս հեռացնելը վարչապետը հիմնաւորեց, որ նախկին բոլոր ղեկավարները որոշեր է փոխել», -ըսած է Յակոբեանը:

Ան մանրամասնած է, որ առաջարկած է պաշտօնեայ, որ կրնար իրեն փոխարինել այդ պաշտօնին, սակայն իմանալով, որ Արտակ Դաւթեանը նշանակուած է, բարձրաձայնած է, որ ամէնէն անպատրաստ զօրավար նշանակուած է:

«Այդ օրէն սկսած է բանակի քանդման գործընթացը», -ըսած է ան: