Օրեր առաջ լուրեր տարածուած էին հետախուզման մէջ գտնուող Շատի Ալ Մաուլաուիի Այն Ալ Հուլուէէն փախելուն եւ Սուրիա մեկնելուն մասին:
Այս առթիւ պաղեստինեան անվտանգութեան աշխատակիցներէն մէկը, ըստ «Only Lebanon» լրատուական կայքին, յայտնած է, որ Ալ Մաուլաուի եւ իրեն ուղեկցող երկու անձեր՝ «Ահմատ Ալ Ասիր» ահաբեկչական խմբաւորման անդամ մը եւ Թրիփոլիէն այլ անձ մը, հինգ օր առաջ հեռացած են Այն Ալ Հուլուէի ճամբարէն, ճիշդ այդ պահուն, երբ ճամբարին մէջ անվտանգութեան հետ կապուած խառնակ վիճակ ստեղծուած էր, բան մը, որ մտածել կու տայ, թէ խառնաշփոթի ստեղծման պատճառն անոնց հեռանալն աննկատելի դարձնելն էր:
Աղբիւրը նշած է, որ Ալ Մաուլաուի այս պահուն Սուրիա կը գտնուի, եւ ամենայն հաւանականութեամբ շուտով տեսագրութիւն մը պիտի հրապարակէ, ճամբարի բնակչութեան եւ
Հետախուզուողներու հիմնախնդիրներուն հետեւող խորհուրդին միտքը հանգստացնելու համար, միաժամանակ պնդելով, որ հետախուզուողներու հիմնախնդիրներուն հետեւող խորհուրդն ինք դիւրացուցած է Ալ Մաուլաուիի փախուստը:
Ինչ կը վերաբերի Լիբանանի անվտանգութեան մարմիններուն, վերջիններս ո'չ հերքած են փախուստի լուրը, եւ ոչ ալ հաստատած, յայտարարելով, որ իրենք համոզուած չեն տարածուած լուրով, եւ այդ կարծիքին պիտի մնան, մինչեւ հակառակն ապացուցեն: