image

Ի՞նչ ըսաւ Ասատի որդին` իր հօր Պաշշար Ասատի եւ Սուրիոյ մասին

Ի՞նչ  ըսաւ Ասատի որդին`  իր հօր  Պաշշար Ասատի  եւ Սուրիոյ մասին

Սուրիոյ նախագահ Պաշար  Ասատի 15 տարեկան որդին ՝ Հաֆէզ Ասատը, Պրազիլի մէջ   ուսողութեան միջազգային ողիմպիականի մասնակցութեան ժամանակ, հարցազրոյցի մը ընթացքին պարզեց  իր կարծիքն ու մտածումները՝ Սուրիոյ վիճակին մասին:

Հարցազրոյցի ժամանակ Հաֆէզը նշեց, որ ինք լաւագոյնը չէ ողիմպիականի մասնակցողներէն, բայց  շատ հպարտ է, որ առիթը ունեցաւ ներկայացնելու իր երկիրը այս միջազգաին ողիմպիականին: Ան պարզեց, որ ինքը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ բոլոր երիտասարդները կապուած են իրենց երկրին եւ չեն կրնար հեռանալ Սուրիայէն:

Երբ լրագրող մը հարցուց Հաֆեզին Սուրիոյ վիճակին մասին, այն խելացիօրէն բացայայտեց, որ այսպիսի իրավիճակներ հարթուելու համար  ժամանակ կ’ուզեն: Պատանին նշեց, որ  մեծ յոյսեր կան, որ  Սուրիոյ պատերազմը մօտ օրէն պիտի աւարտի։

Հարցազրոյզի ընթացքին  Հաֆէզ նաեւ ըսաւ, որ իր հօրը մեղադրողները հեռու են իրականութենէն: Նշեց, որ մարդիկ տարբեր կարծիքներ ունին նախագահին մասին, բայց ինք շատ լաւ կը ճանչնայ իր հօրը եւ անոր աշխատանքը: