Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատի 15 տարեկան որդին ՝ Հաֆէզ Ասատը, Պրազիլի մէջ ուսողութեան միջազգային ողիմպիականի մասնակցութեան ժամանակ, հարցազրոյցի մը ընթացքին պարզեց իր կարծիքն ու մտածումները՝ Սուրիոյ վիճակին մասին:
Հարցազրոյցի ժամանակ Հաֆէզը նշեց, որ ինք լաւագոյնը չէ ողիմպիականի մասնակցողներէն, բայց շատ հպարտ է, որ առիթը ունեցաւ ներկայացնելու իր երկիրը այս միջազգաին ողիմպիականին: Ան պարզեց, որ ինքը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ բոլոր երիտասարդները կապուած են իրենց երկրին եւ չեն կրնար հեռանալ Սուրիայէն:
Երբ լրագրող մը հարցուց Հաֆեզին Սուրիոյ վիճակին մասին, այն խելացիօրէն բացայայտեց, որ այսպիսի իրավիճակներ հարթուելու համար ժամանակ կ’ուզեն: Պատանին նշեց, որ մեծ յոյսեր կան, որ Սուրիոյ պատերազմը մօտ օրէն պիտի աւարտի։
Հարցազրոյզի ընթացքին Հաֆէզ նաեւ ըսաւ, որ իր հօրը մեղադրողները հեռու են իրականութենէն: Նշեց, որ մարդիկ տարբեր կարծիքներ ունին նախագահին մասին, բայց ինք շատ լաւ կը ճանչնայ իր հօրը եւ անոր աշխատանքը: