Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի կարծիքով արեւմտեան երկիրներու ըսածները անիմաստ են։
Ասատ այս մասին յայտարարեց այսօր Դամասկոսի Տումա շրջանին մէջ նախագահական ընթացող ընտրութիւններուն մասնակցութիւն բերելէ ետք։
Սուրիոյ նախագահը, որ պիտի վերընտրուի տարուան նստաշրջանի մը համար նաեւ ըսաւ, որ «Սուրիացի ժողովուրդը միակամ է եւ պատրաստ է շարունակել իր պայքարը ահաբեկչութեան դէմ»։
Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ արեւմտեան երկիրներ քննադատած էին Սուրիոյ մէջ ընթացող ընտրութիւնները զանոնք համարելով անօրինական ընտրութիւններ։