image

Ի՞նչ սպասել «Տահէշ»ի պարտութիւնէն ետք

Ի՞նչ սպասել «Տահէշ»ի պարտութիւնէն ետք

Սէուտական «Ուքազ» թերթը, անդրադառնալով «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման կրած պարտութենէն ետք վերջինիս ապագայ ճակատագրին մասին շրջանառուող խօսակցութիւններուն, նշած է, որ քանի մը տարի առաջ ամերիկացի ռազմագէտ մը ահաբեկչական խմբաւորման անդամներու թիւը գնահատած էր 104 երկիրներէ հաւաքագրուած 35 հազար զինեալներով, որոնք իրաքեան հողերու 40 տոկոսը, իսկ Սուրիոյ հողերուն կէսը գրաւած էին:

Թերթը, վկայակոչելով ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ, Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի գրասենեակի նախագահ Վլատիմիր Ֆորոնքովի յայտարարութիւնը, նշած է, թէ հակառակ անոր, որ «Տահէշ»ի դէմ մղուած պայքարին ու ճնշման հետեւանքով վերջինիս զինեալներու թիւը զգալիօրէն կրճատուած է, սակայն յառաջիկային շատ վտանգաւոր զարգացումներ կրնան արձանագրուիլ:

Հաւանական զարգացումներէն մէկը, ըստ Ֆորոնքովի, խմբաւորման կեդրոնական ղեկավարութենէն հեռու գտնուող անդամներու վերաշխուժացումն է, որոնք կրնան տարբեր երկիրներու մէջ վերսկսիլ իրենց գործունէութիւնը: Ինչպէս նաեւ կրնան համացանցի միջոցով ծայրայեղական գաղափարներ տարածեն, քիմիական ու միջուկային զէնքերու օգտագործմամբ զգալի վնասներ հասցնել: