image

«Ինչ քայլերու պիտի դիմել համաշխարհային պատերազմի մը պարագային». Ռուսական ալիքի մը պատրաստած ռեբորթաժը

«Ինչ  քայլերու պիտի դիմել համաշխարհային պատերազմի մը պարագային». Ռուսական ալիքի մը պատրաստած ռեբորթաժը

«Ռուսիա 24» պետական հեռուստակայանը երրորդ համաշխարհային պատերազմ սկսելու վախի զուգընթաց, հաղորդումով մը բացատրած է, որ պատերազմ բռնկելու պարագային ինչ անհրաժեշտ իրեր պէտք է վերցնել մեր հետ, երբ ստիպուինք թաքստոցներ իջնել:

Փոխանցուած տեղեկութիւններուն մէջ ըսուած է, որ առաջին հերթին մարդու միտքը սննդամթերք ապահովելը կ'ըլլայ բնականաբար, բայց այդ ընթացքին պէտք ի մտի ունենալ երկարաժամկէտ պահպանուող մթերքը, ինչպէս բրինձը, տփեղէն միսը, մաքարոնը եւայլն: Ամենակարեւորը զգուշացուած է նաեւ, որ պէտք է իրենց հետ վերցնեն նուազագոյն քանակի գաղցրաւենիք եւ շոքոլա եւ առաւելագոյն քանակի ջուր: Հաղորդավարը հաստատած է, որ այո՛, գաղցրաւէնքի պարունակած կլուքոզը ուժի աղբիւր է, սակայն ծարաւութիւն կը պատճառէ:

Ան նաեւ նշած է, որ դժուար է կաթէն հրաժարիլ, անոր համար պէտք է ընտրել անոր փոշի տեսակը:

Նաեւ խորհուրդ տրուած է եոտ վերցնել, ճառագայթներէն պաշտպանուելու համար: