«Ռուսիա 24» պետական հեռուստակայանը երրորդ համաշխարհային պատերազմ սկսելու վախի զուգընթաց, հաղորդումով մը բացատրած է, որ պատերազմ բռնկելու պարագային ինչ անհրաժեշտ իրեր պէտք է վերցնել մեր հետ, երբ ստիպուինք թաքստոցներ իջնել:
Փոխանցուած տեղեկութիւններուն մէջ ըսուած է, որ առաջին հերթին մարդու միտքը սննդամթերք ապահովելը կ'ըլլայ բնականաբար, բայց այդ ընթացքին պէտք ի մտի ունենալ երկարաժամկէտ պահպանուող մթերքը, ինչպէս բրինձը, տփեղէն միսը, մաքարոնը եւայլն: Ամենակարեւորը զգուշացուած է նաեւ, որ պէտք է իրենց հետ վերցնեն նուազագոյն քանակի գաղցրաւենիք եւ շոքոլա եւ առաւելագոյն քանակի ջուր: Հաղորդավարը հաստատած է, որ այո՛, գաղցրաւէնքի պարունակած կլուքոզը ուժի աղբիւր է, սակայն ծարաւութիւն կը պատճառէ:
Ան նաեւ նշած է, որ դժուար է կաթէն հրաժարիլ, անոր համար պէտք է ընտրել անոր փոշի տեսակը:
Նաեւ խորհուրդ տրուած է եոտ վերցնել, ճառագայթներէն պաշտպանուելու համար: