image
Հրատապ լուրեր:

Ի՞նչ պատճառներով ընտրողներու թիւը նօսր էր The Guardian-ի անդրադարձը

Ի՞նչ  պատճառներով  ընտրողներու  թիւը նօսր էր The Guardian-ի  անդրադարձը

Բրիտանական «The Guardian» թերթը յօդուած մը հրապարակա է, ուր անդրադարձած է Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններու մասնակցողներու թիւի զգալի սակաւութեան պատճառներուն:

Թերթին համաձայն, լիբանանցիք համոզուած են, որ նորընտիր կառավարութիւնն ու նոր սահմանադրութիւնը ամեն պարագայի անկարող են երկրի քաղաքականութեան մէջ որեւէ փոփոխութիւն կատարել:

Թերթը, փոխանցելով Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Ալ Մաշնուքի յայտարարութիւնը, նշած է, որ ընտրութիւններուն մասնակցողներու տոկոսը կազմած է 49,2%, այսինքն 2009 թուականի ընտրութիւններուն հետ համեմատելով, այն 5%-ով նուազած է, բան մը, որ յուսահատութեան ալիք բարձրացուցած է երկրէն ներս:

Անդրադառնալով արդիւնքներուն, թերթը կարծիք յայտնած է, թէ ընտրութիւններուն արդիւնքով «Հըզպալլա» առաւել ամուր հիմքերու վրայ պիտի հաստատէ իր ներկայութիւնը կառավարութեան մէջ, որ եւ մտահոգիչ հանգամանք պիտի դառնայ Իսրայէլի եւ Սէուտական Արաբիոյ համար:

Ինչ կը վերաբերի Սիւննիներու նահանջին, թերթը այն բացատրած է վերջիններուս շարքերուն տեղի ունեցած պառակտումներով եւ ներքին ճգնաժամով: