Իսրայէլեան հետախուզական «Debka» լրատուական կայքը յայտնած է, որ Փութինի եւ Նաթնիահուի միջեւ տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցը Սուրիա-Իսրայէլ սահմանին մօտակայքը «Հըզպալլա»ի եւ Իրանի գոյութեան շուրջ անհամաձայնութեամբ աւարտած է:
Մանրամասներուն անդրադառնալով կայքը նշած է, որ զրոյցի ընթացքին Փութին Նաթանիահուին յիշել տուած է ԱՄՆ նախագահ Թրամբի հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնը, Սուրիա-Յորդանան-Իսրայէլ սահմանին երկայնքով լարուածութեան չէզոքացման տարածքներ հիմնելու շուրջ:
Փութին հաւաստիացուցած է, որ սահմանին մօտիկ տարածքներուն մէջ ռուսական ռազմական ոստիկանութեան 1000 անդամ տարածուած են, որոնք կը հսկեն ու կը կանխեն զինադադարի խախտումները:
Իր հերթին Նաթանիահու յայտնած է, որ չի կրնար երաշխաւորեն Իսրայէլի կողմէ յարձակում չգործելու հանգամանքը, եթէ վերջինս զգայ, որ իր անվտանգութիւնը խաթարուած է, մանաւանդ «Հըզպալլա»ի եւ Իրանի այնտեղ գտնուելու պարագային:
Ի պատասխան Նաթանիահուի մտահոգութեան Փութին յայտարարած է, որ Ռուսիա պատրաստ է երաշխաւորել Իրանի եւ «Հըզպալլա»ի կողմէ Իսրայէլի ուղղութեամբ կրակ չարձակուելու փաստը, խոստանալով, որ անոր պատրաստ է կրել հետեւանքները:
Նաթանիահու հաստատակամ մնալով իր կեցուածքին վրայ շարունակած է պահանջել իրանեան եւ «Հըզպալլա»ի ուժերու հեռացումը Սուրիա-Իսրայէլ սահմանէն, որ դրական արձագանգ չէ գտած Փութինի կողմէ, պատրուակելով, որ Թեհրանի եւ Պէրութի մէջ իր իշխանութիւնը սահմանափակ է: