image

Ի՞նչ գտած են զինուորները Սուրիա-Լիբանան սահմանին

Ի՞նչ գտած են զինուորները Սուրիա-Լիբանան սահմանին

Լիբանանեան Զինուած ուժերու հրամանատարութեան ենթակայ Ուղղորդման վարչութիւնը յայտարարութիւն տարածած է, որ Աքքարի Ալ Պաքիիէ սահմանային շրջանի հողային ճամբաներէն մէկուն վրայ մօտ 40,000 լիթր կանաչ տիզել, 3 ջրհան եւ 8 ամբար յայտնաբերած է, որոնցմէ իւրաքանչիւրին տարողութիւնը 50,000 լիթր է, ինչպէս նաեւ քանի մը ջրատար խողովակներ, որոնք կ'երկարին դէպի սահմանի երկու կողմերը: Այս մասին կը հաղորդէ «Only Lebanon» լրատուական կայքը:

Յայտնաբերուածները յանձնուած են իրաւասու մարմիններուն, որպէսզի անհրաժեշտ գործողութիւններ եւ քննութիւն կատարուի: