Մեծ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Պորիս Ճոնսըն յայտարարած է, որ Մեծն Բրիտանիան, Միացեալ Նահանգներն ու իրենց համախոհ երկիրներ պիտի չմասնակցին Սուրիոյ վերակառուցման, այնքան ժամանակ, որ նախագահ Ասատ կը շարունակէ մնալ պաշտօնի վրայ:
Այս մասին կը գրէ լիբանանեան «Ալ-Տիար»ը, նշելով, որ Ճոնսըն այս մասին խօսած է Սուրիոյ ընդդիմութեան աջակցող 14 երկիրներու մասնակցութեամբ կայացած ժողովին:
«Reuters»-ի համաձայն, ան նաեւ ըսած է. «Մենք համոզուած ենք, որ առաջ շարժելու միակ ճանապարհը քաղաքական գործընթացը շարժելն է, եւ իրանցիներուն, ռուսերուն եւ Ասատի ռեժիմին հասկցընել, որ մենք, որպէս խումբ, պիտի չաջակցինք Սուրիոյ վերակառուցման գործընթացին, նախքան քաղաքական փոխանցման գործընթաց մը սկսիլը եւ սա կը նշանակէ՝ ՄԱԿ-ի թիւ 2544 որոշումի բանաձեւի համաձայն, Ասատի քաղաքական կեանքէն հեռանալն ու փոխանցման իշխանութեան մաս չկազմելը: