image

«Հըզպալլա»ի առաջնորդը կը միանայ «Մուսթաքպալ»ին, պահանջելով Հարիրիի վերադարձը

«Հըզպալլա»ի առաջնորդը կը միանայ «Մուսթաքպալ»ին, պահանջելով Հարիրիի վերադարձը

«Անցեալ շաբաթ օրուընէ ի վեր Լիբանան քաղաքական ճգնաժամի մատնուեցաւ, որ երկիրը շատ կարեւոր հանգրուանի մը առջեւ դրաւ»,- յայտնած է «Հըզպալլա»ի ղեկավար Հասան Նասրալլա, աւելցնելով, որ խնդիրի լուծման պատասխանատուները բացառապէս լիբանանցիք են, կը գրէ «Lebanon 24» լրատուական կայքը:

«Հըզպալլայի նահատակաց տօն»ին առթիւ հեռուստատեսային իր ճառի ժամանակ Նասրալլա անցնող ժամանակահատուածը համարած է շատ լաւ շրջան, որուն ընթացքին նախագահ ընտրուեցաւ, նոր կառավարութիւն կազմուեցաւ, ընտրութիւններու նոր օրէնք հաստատուեցաւ, ու երկրին մէջ խաղաղութիւն ու անվտանգութիւն կը տիրէր:

«Լիբանանի մէջ տիրող այս շատ լաւ իրավիճակի, ինչպէս նաեւ քաղաքական ուժերու համերաշխութեան    պայմաններուն մէջ, յանկարծ Սէուտական Արաբիա շտապ կերպով իր մօտ կը կանչէ վարչապետը, առանց իր խորհրդականներուն կամ օգնականներուն, զինք կը ստիպէ հրաժարական ներկայացնելու եւ իրենց կողմէ պատրաստուած յայտարարութիւնն ընթերցելու»,- ըսած է Նասրալլա, շեշտելով, որ նման բան աննախադէպ միջամտութիւն էր, եւ բոլոր լիբանանցիներուն համար արդէն պարզ է, որ հրաժարելու պարտադրանքէն ետք վարչապետը կալանքի տակ առնուած է ու զրկուած Լիբանան վերադառնալու իրաւունքէն:

Նասրալլա յայտնած է նաեւ, որ կը միանայ «Մուսթաքպալ»ին, եւ Լիբանանի բոլոր քաղաքացիներուն հետ միաին կը պահանջէ Հարիրիի վերադարձը Լիբանան: «Թող վերադառնայ Լիբանան, եւ յայտարարէ այն, ինչ կը ցանկայ», պնդած է Նասրալլա, շեշտելով, որ Լիբանանի վարչապետը Սէուտական Արաբիոյ մօտ կալանաւորուած է, եւ բոլոր լիբանանցիներու պարտականութիւնն է ջանք չխնայել, անոր վերադարձին նպաստելու համար: