image
Հրատապ լուրեր:

«Հըզպալլա» կը հերքէ «Ոչ մէկ լիբանանցի զոհուած է Պաղտատի մէջ»

«Հըզպալլա» կը  հերքէ  «Ոչ մէկ լիբանանցի  զոհուած է  Պաղտատի մէջ»

Լիբանանեան «Հըզպալլա»  կազմակերպութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարած է, որ   ոչ մէկ    Լիբանանցի  միաւոր  զոհուած է Պաղտատի մէջ   տեղի  ունեցած   գրոհին  հետեւանքով։

 Նշենք, որ  աւելի վաղ     լիբանանեան   կարգ մը  լրասփիւռներ լուր  տարածած էին  այն մասին, որ  զօր. Քասէմ Սուլայմանին եւ   անոր ինը ընկերակիցներուն կեանքը  խլած  ամերիկեան   զինուորական  գործողութեան   հետեւանքով  նոյնպէս զոհուած է  լիբանանցի առնուազն մէկ   «Հըզպալլա»ի    պատասխանատու  անդամ։