Արցախի փրկարարները 5 յունիսին որոնողական աշխատանքներու հետեւանքով, Ջրականի (Ջաբրայիլ) շրջանին մէջ յայտնաբերած են նոր 1 աճիւն: Այս մասին տեղեկացուցած է Արցախի Ներքին Գործոց Նախարարութեան Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութենէն:
«Նրա ինքնութիւնը պարզելու նպատակով կը նշանակուի դատաբժշկական փորձաքննութիւն»,- նշած են ԱԻՊԾ-էն:
Զինադադարէն ետք Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէն մինչեւ օրս յայտնաբերուած եւ տարհանուած է 1558 աճիւն, որմէ 27-ը` նախնական տուեալներով, քաղաքացիական անձեր են: