image

«Հըզպալլա» կարմիր գի՞ծ պիտի սահմանէ նախագահ Աունի հոսանքին դէմ

«Հըզպալլա» կարմիր գի՞ծ պիտի սահմանէ նախագահ Աունի հոսանքին դէմ

«Lebanon 24» լրատուական կայքը կարծիք յայտնած է, որ Լիբանանի մէջ կառավարութեան ստեղծման խանգարող հանգամանքը նախագահ Աունի համակիրներու եւ «Ազատ ազգայիններ»ու ցանկութիւնն է 11 նախարարով հանդէս գալ ստեղծուելիք 30-անդամեայ կառավարութեան մէջ:

Աղբիւրին կարծիքով, նման ցանկութիւն անհասանելի է ներկայիս, մանաւանդ, որ երկու քաղաքական ուժեր կը խանգարեն անոր իրագործումը:

Նշուած ուժերէն առաջինը վարչապետ Հարիրիի խումբն ու անոր գլխաւորած քաղաքական հոսանքն է, իսկ երկրորդը՝ «Ազատ ազգայիններ»ու հակառակորդ հանդիսացող ուժերը, Նապիհ Պըրրի եւ Ուալիտ Ճունպլաթի գլխաւորութեամբ:

Ինչ կը վերաբերի «Հըզպալլա»ին, կայքին համոզմամբ, վերջինս որեւէ ուժի կողմ պիտի չբռնէ, այլ պիտի փորձէ ճնշում բանեցնել տարբեր ուժերու վրայ, նպատակ ունենալով արագացնել կառավարութեան ստեղծման գործընթացը:

Տարածուած լուրերուն համաձայն, «Հըզպալլա» «Ազատ ազգայիններ»ուն յայտնած է, որ պատրաստ է իր կողքին կանգնիլ, պայմանով, որ ան դադրեցնէ իր լարուածութիւնը Պըրրի հետ, որուն հետեւանքով ալ վերջինս ետ կանգնեցաւ Ելեւմուտի նախարարութեան աթոռի իր պահանջէն: