Իրանի մէջ մեկնարկած են նախագահական ընտրութիւնները։ Քուէարկելու իրաւունք ունի 59 310 307 իրանցի։ Ըստ պաշտօնական վիճակագրութեան՝ աւելի քան 1․3 միլիոնը առաջին անգամ է որ կը քուէարկէ։
Ընտրատեղամասերը բացուած են տեղի ժամանակով ժամը 07։00-ին։ Քուէարկութիւնը պիտի աւարտվի կէսգիշերին։ Երկրին մէջ կը գործէ 72 հազար ընտրատեղամաս։ Իրանի քաղաքացիները կրնան քուէարկել եւս 133 երկրի մէջ։
Իրանի մէջ նախագահական 13-րդ ընտրութիւնները կ'ընթանան ՏԻՄ 6-րդ ընտրութիւններուն զուգահեռ։
Նախագահի պաշտօնին կը յաւակնի 4 թեկնածու։ Աւելի վաղ 3 թեկնածուներ յայտարարած էին մասնակցութենէն հրաժարելու մասին։ Մասնակցութեան յայտ ներկայացուցած էր 592 մարդ, որմէ 40-ը՝ կին։ Հաւանութիւն տրուած էր միայն 7-ի մասնակցութեան։
Նախագահի պաշտօնին կը յաւակնի Խորհրդատուական խորհուրդի քարտուղար Մոհսէն Ռեզային, դատական իշխանութեան ղեկավար Իպրահիմ Ռայիսին, խորհրդարանի փոխնախագահ Ամիրհոսէյն Քազիզատե-Հաշեմին եւ Կեդրոնական դրամատան նախկին ղեկավար Ապտուլ Նասեր Հեմաթին։
Առաջին երեք թեկնածուները կը ներկայացնեն պահպանողականներու ճամբարը, իսկ Ապտուլ Նասեր Հեմաթին՝ ռեֆորմիստներուն (բարեփոխիչներ)։