image

«Հըզպալլա» բոլոր առումներով նախագահ Աունի կողքին է

«Հըզպալլա»  բոլոր առումներով նախագահ Աունի  կողքին է

«Հըզպալլա»ի   առաջնորդ  Հասան Նասրալլա   իր  պատկերասփռուած  ելոյթին  ընթացքին  անդրադարձած է ստեղծուելիք կառավարութեան հարցին, որ ըստ տեղացի վերլուծաբաններու, ինքնանպատակ չէր, այլ յստակ կերպով կը գծէր «Հըզպալլա»ի ուղին, կառավարութեան ստեղծման գործընթացը խոչընդոտող հանգամանքները դիմագրաւելու համար:

«Lebanon 24» լրատուական կայքին համաձայն, Նասրալլա անուղղակի կերպով շեշտած է, որ «Հըզպալլա» կողմ է նախագահ Միշէլ Աունի գաղափարներուն, որ կը պնդէ, թէ նոր ստեղծուելիք կառավարութեան մէջ ընտրութիւններուն յաղփող բոլոր ուժերու ներգրաւումը պէտք է նոյն չափանիշին համաձայն որոշուի:

Վերլուծաբանները դիտել տուած են նաեւ, որ հակառակ Նասրալլայի հանդարտ ոճին, սակայն անոր ելոյթը թաքնուած սպառնալիք կը պարունակէր այն մասին, որ «Հըզպալլա» կրնայ վերանայիլ իր հաշիւներն ու «Ամալ» շարժման հետ միասին առաւել մեծ թիւով նախարարական աթոռներ պահանջել, նկատի ունենալով, որ խորհրդարանին մէջ իր պատգամաւորներու թիւը հնարաւորութիւն կու տայ վեց նախարարներով մաս կազմել կառավարութեան: