Արժանթինի պատմութեան մէջ խոշորագոյն դատավարութիւնը համարուող դատական գործողութիւններու ծիրին մէջ, 1977 թուականին 12 օդանաւի ուղեւորներ Աթլանթեան Ովկիանոսի սառած ջուրերուն մէջ նետելով զանոնք սպանած երկու օդանաւորդները ցմահ ազատազրկման դատապարտուած են: Այս մասին կը հաղորդէ «Russia Today» լրատուական ցանցը:
Մարիօ Դանիէլ Արօ եւ Ալեխանտրօ Տի Ակուսթինօ եղած են այն օդանաւի օդաչուները, որմէ 1977 թուականի դեկտեմբերի 14-ին 12 ուղեւորներ ովկիանոս նետուած են, որոնց թուին էին երկու ֆրանսացի մայրապետներ եւ այժմու Հռոմի Պապի երբեմնի մտերիմ ընկերուհին՝ կանանց իրաւունքներու պաշտպան գիտնական Ասֆար Պալիսթրինօ:
«Մահուան թռիչքներ» անունը կրող այս դատական գործողութիւններու ընթացքին որպէս ամբաստանեալ ներգրաւուած են 789 սպանութեան դէպքի մէջ մեղադրուող 54 անձ, որոնք իրենց յանցաւոր արարքներն իրագործած են 1976-1983 թուականներուն Արժանթինի մէջ տեղի ունեցած ռազմական լարուածութիւններու օրերուն:
Նշուած է, որ Հռոմի Պապը Ասֆար Պալիսթրինոյի հետ ծանօթացած է նախորդ դարու 50-ականներուն, եւ անոնք մտերիմ ընկերներ էին:
Ան շարք մը այլ ընդդիմադիրներու եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպաններու հետ զինուորականներու կողմէ սպանութեան ենթարկուած են: