Այս առաւօտ մեծ պայթում մը գրանցուած է Հոմսի մէջ։
Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդեց «Սքայ Նիւզ Արապիք» կայքը։
Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ պայթումը եղած է Սուրիոյ բանակին պատկանող զինապահեստանոցի մը մէջ։
Ըստ «Ալ Մանար» կայանին պայթումը կը համարուի ահաբեկչական արարք, որուն մասին պետական մարմիններ յայտատարութիւն պիտի կատարեն աւելի ուշ։
Զոհերու կամ վիրաւորներու մասին լուրեր չեն հաղորդուիր, սակայն կը նշուի, որ պայթումին ձայնը եղած է շատ ուժգին եւ լսուած է Հոմս քաղաքի տարբեր հատուածներուն մէջ։