1973 Թուականի Արաբ-իսրայէլեան պատերազմէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Կոլանը թիրախ դարձած է հրթիռարձակումներու:
Այս մասին լուրը տուաւ «Ալ Մայատին» կայանը նշելով, որ հրթիռներուն աղբիւրը սուրիական հողերն են:
Աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ հրթիռները թիրախ դարձուցած են իսրայէլեան բանակի տասնեակ կեդրոններ, որոնց մէջ կան հեռահաղորդակցութեան կարեւոր կայաններ:
Մարդկային կորուստներու մասին տուեալներ չկան, սակայն իսրայէլեան մէկէ աւելի աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ հրթիռները պատճառած են նիւթական մեծ վնասներ:
Յիշեցնենք,որ Կոլանի բարձունքը սուրիական հող է, որ բռնագրաւուած է Իսրայէլի կողմէ: