image
Հրատապ լուրեր:

Հրատապ.Առաջին անգամ ըլլալով Կոլանը հրթիռներու թիրախ

Հրատապ.Առաջին անգամ ըլլալով Կոլանը հրթիռներու թիրախ

1973 Թուականի Արաբ-իսրայէլեան պատերազմէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Կոլանը թիրախ  դարձած  է  հրթիռարձակումներու:

Այս մասին լուրը  տուաւ «Ալ Մայատին» կայանը նշելով, որ հրթիռներուն աղբիւրը սուրիական հողերն են:

Աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ հրթիռները թիրախ դարձուցած են իսրայէլեան բանակի տասնեակ կեդրոններ, որոնց մէջ կան  հեռահաղորդակցութեան կարեւոր կայաններ:

Մարդկային կորուստներու մասին տուեալներ չկան, սակայն իսրայէլեան մէկէ աւելի աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ հրթիռները պատճառած են նիւթական մեծ վնասներ:

Յիշեցնենք,որ Կոլանի բարձունքը սուրիական հող է, որ բռնագրաւուած է Իսրայէլի կողմէ: