image
Հրատապ լուրեր:

Հրատապ. Պաղտատի մէջ սպաննուեցաւ զօր. Քասէմ Սուլայմանին

Հրատապ. Պաղտատի մէջ սպաննուեցաւ   զօր.   Քասէմ  Սուլայմանին

Պաղտատի  մէջ  ծանրակշիռ     զարգացում մը      գրանցուած է. սպաննուած է  իրանեան «Ալ  Քուտս»  փաղանգի     ընդհանուր  հրամանատար    զօր.   Քասէմ  Սուլայմանին։

Կը նշուի,  որ       հմուտ  զօրավարը  Պէյրութէն կը հասնէր   Պաղտատ     եւ ներկայ  պիտի ըլլար կարեւոր ժողովի մը։

 Sky News Arabic  կայանն    աւելի ուշ կը  հաղորդէր, որ    դէպքը   տեղի ունեցած է    երեք  հրթիռներով, որուն արդիւնքով ալ     զոհուած են  ութը անձեր։

Զոհերուն մէջ են իրանցի  գործիչներ, լիբանանեան  «Հըզպալլա»ի   իրաքեան հարցերու  պատասխանատու՝ Մոհամմէտ Քաուսարանին,     ինչպէս նաեւ Իրաքի  «Հաշտ  ալ շահպի»ի  պատասխանատուներէն՝  Ապու  Մահտի Ալ Մուհանտէսն  ու Մոհամմէտ Ալ Ժապէրին։Կը նշուի նաեւ, որ վերջինս  Պաղտատի  օդակայան  հասած էր՝ դիմաւորելու զօր. Սուլայմանին  եւ անոր հետ   Պաղտատ  հասնող  պատուիրակութիւնը։

Լրատուական   աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ  այսօր  այգաբացին տեղի ունեցած   զարգացումը    իր ծանր  հետեւանքները   պիտի ունենայ  ոչ միայն Իրաքի,  այլ ամբողջ  շրջանին մէջ։

 

 Զինուորական հմուտ կարողութիւններով     յայտնի   զօրավար Քասէմ Սուլայմանին   (63 տարեկան)  կարեւոր        ներկայութիւն   դարձած էր  Սուրիոյ  մէջ  եւ աշխոյժ  մասնակցութիւն  բերած  «Տահէշ»ի  դէմ մղուած  մարտերուն։