image

Հրատապ. Ատրպէյճան գերեվարած է 6 զինուորներ

Հրատապ. Ատրպէյճան գերեվարած է 6 զինուորներ

 ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ  27 մայիսի վաղ առաւօտեան ատրպէյճանեան ուժեր գերեվարած են 6  հայ զինուորներ։

 

 Դէպքը տեղի ունեցած է Գեղարքունիքի սահմանային հատուածին մերձ գտնուող  բանակի զօրամասի մը մօտ, երբ հայ զինուորները դիրքային հերթական աշխատանքներ կը կատարէին։

 Ատրպէյճանեան ուժեր առաջ գալով պաշարած են հայ զինուորները եւ ապա գերի վերցուցած։

 

 ՊՆ-ն անհրաժեշտ բոլոր աշխատանքները կը կատարէ գերի ինկած զինուորները վերադարձնելու համար։