image
Հրատապ լուրեր:

Հիւսիսային բեւեռէն սպասուող վտանգը մեծ է. Ռուսիոյ ՊՆ

Հիւսիսային բեւեռէն սպասուող վտանգը մեծ է. Ռուսիոյ ՊՆ

Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու յայտնած է, որ Հիւսիսային բեւեռը շարք մը երկիրներու շահերու բախման վայր կը հանդիսանայ, բան մը, որ ամենայն հաւանականութեամբ կրնայ տարածաշրջանին մէջ հակամարտութեան պատճառ դառնալ:

«Սփութնիք» լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ, Պաշտպանութեան նախարարութեան ռազմական խորհուրդի նիստի ժամանակ ելոյթ ունեցած Շոյկու շեշտած է, որ Հիւսիսային բեւեռին մէջ Ռուսիոյ ազգային շահերը պաշտպանելն ու զարգացնելը Ռուսիոյ Զինուած ուժերու առաջնային պարտականութիւններէն է: