image

«Հինգ տարեկան էի երբ Կիւվտէր արուեստին կայծը մտցուց մէջս».Վահէ Պարսումեան

«Հինգ տարեկան էի երբ Կիւվտէր արուեստին կայծը մտցուց մէջս».Վահէ Պարսումեան

Կիւվտէր, բուն անունով Ճոն Կիւվտէրէլեան հօրաքրոջս տղան կ՚ըլլայ։ Հօրաքրոջս ընտանիքը եւ մենք ամառ մը Լիբանանի մէջ Պհամտուն գիւղը ելած էինք, այդ օրերուն Կիւվտէր Փարիզէն կը վերադառնար հետը բերելով տետրակներ, զանազան տեսակի մատիտներ, եւլն։ Մեզ՝ փոքրիկներս, կը նստեցնէր որպէսզի մեր դիմա-

նկարները գծէ։ Ետեւ ետեւի կը գծէր ու մեզի կ՚ըսէր՝ ասոնք ուսումնասիրութիւններ են՝ étude-ներ։ Հինգ տարեկան էի երբ Կիւվտէր արուեստին կայծը մտցուց մէջս։

Կիւվտէր իտէալիստ մը եղաւ, երկու անձնաւորութիւններու տէր մարդ մը՝ հանրային եւ վանական, աւանդական եւ արդիական։ Այս էութիւնը իրեն տուաւ արտակարգ կարողութիւն մը, որով կերտուեցաւ արուեստագէտը, ուսուցիչը։ Ան միշտ եղաւ անկաշառ եւ նուիրական։

Կիւվտէր արտակարգ աշխատող մըն էր, աշխատանքի հզօր առիւծ մը։ Միշտ կ՚ըսէր որ ժամանակը անկայուն է, ամէն ինչ փոփոխութեան կ՚ենթարկուի, պէտք է արագ շարժիլ, միայն յարատեւ աշխատանքով է, որ կարելի կ՚ըլլայ թափանցել նիւթական եւ ոչ-նիւթական աշխարհին։ Իր իմացական աշխարհը կազմուեցաւ արուեստին շուրջ։ Իրեն համար արուեստը ճամբայ մը եղաւ տեսնելու, սորվելու եւ ըլլալու։

Եւրոպայի զանազան քաղաքներուն մէջ ուսումնասիրութիւններ ըրաւ, վերադարձաւ Լիբանան, արուեստի միջավայրի մը պակասը զգաց, ինչ որ զինք մղեց իր արուեստին զուգահեռ դաստիարակչութեամբ ալ զբաղելու։

Կիւվտէր զարգացաւ նկարչութեամբ։ Ուշադրութիւնը կեդրոնացուց բնութեան ու անոր զանազանութեան հարստութեան վրայ։ Գրականութիւնն ու երաժշտութիւնը մաս կը կազմէին իր կեանքին։ Միշտ հարց կու տար թէ ինչի՞ պիտի ծառայէ իմաստութիւնը եթէ պիտի չկարենանք հասնիլ նոր նուաճումներու, եթէ չարաչար աշխատանք չտանինք բան չենք շահիր։ Կ՚ըսէր՝ «նոյնիսկ սէրն ու ուրախութիւնը ծուլութեան չեն մօտենար»։

Բնութեան մէջ կերպերը, բուսական, անասնական, եւայլն, իրեն համար դպրոց մը եղան։ Արդի ճարտարարուեստի աշխարհէն կերպեր ալ օգտագործելով հասաւ նորանոր արտայայտութիւններու։ Միշտ կ՚ըսէր ու կը կրկնէր՝ «եթէ կ՚ուզես հասնիլ նոր նուաճումներու, պէտք է նիւթ մը հարիւրաւոր անգամներ կրկնես, կերտես, նորէն կրկնես»։ Բնութենէն առնուած ամենէն պարզ իր մը կը խանդավառէր ու կը յուզէր զինք, աշխատանքի կը մղէր, նոր աշխատանք մը ստեղծելու կը տանէր զինք։ Արտակարգ ուժ մը ունէր նոր մթնոլորտ մը ստեղծելու, վայր մը ապրեցնելու, անոր հարուստ թանգարանային նկարագիր մը տալու։

«Շրջապատուած եմ հարիւրաւոր գիրքերով, իրերով, կ՚օգտագործեմ զանոնք արուեստիս պահանջներուն համաձայն, ուզածիս պէս, ազատօրէն, մէկու մը հաշիւ չունիմ տալիք։ Արուեստագէտին ազատութիւնը կարեւոր է»։ «Ուսուցչական գործունէութիւնս կեանքիս մաս կը կազմէ, որմէ ես ալ շատ բան կը սորվիմ։ Կը սիրեմ ապրիլ, կեանքը անոյշ է։ Երբ մեռնիմ կ՚ուզեմ մարմինս հողին նուիրել, կ՚ուզեմ հոգիս ուրիշ աշխարհի մը մէջ գտնել ու միանալ մեծ հոգիներուն, որոնք կերտեցին իմ հոգեկան աշխարհս։ Հիմա անծանօթը դուռին ետեւը կեցած է ու կը սպասէ. չեմ ուզեր որ զիս տանի»։

«Արուեստը այնքան հզօր է որ երբեմն չեմ կրնար հասկնալ զայն. բացասական ուժեր կ՚ուզեն հոգիս հեռացնել անկէ, բայց կը պայքարիմ, կը փաթթուիմ արուեստին որ չ՚անջատուիմ, քանի ան իմ կեանքս է։ Էութիւնս նուիրուած է արուեստին»։

Տարիներով մեր միջեւ հոգեկան եւ իմացական յարաբերութիւն մը հաստատուած էր։ Բանաստեղծութեան, փիլիսոփայութեան, արուեստի նուիրուած գիրքերու… մեծ ընթերցող մըն էր։ Սիրահար էր Պոտլէրի բանաստեղծութիւններուն, մեծ սիրահար մը Ռամպրանթի գծագրութիւններուն, ինչպէս նաեւ՝ Փիքասոյին։ Այս երեք հեղինակները եղան Կիւվտէրին հոգեւոր հայրերը։ Տարիներով գիրքերը որ կը գնէի Փարիզի գրատուներէն յաճախ զոյգ օրինակներ կ՚ըլլային՝ մէկը Կիւվտէրին, միւսը ինծի համար։ Գիրքերը կարդալէ վերջ վերլուծումի երկար զրոյցներ կ՚ունենայինք միասին։

Կիլիկիոյ պարպումին ժամանակ ուր վերջին հայ ընտանիքները կը լքէին իրենց պապենական տուները, գաղթականներով լեցուն նաւու մը մէջ, որ կ՚ուղղուէր դէպի Լիբանան, կը ծնի Ճոն Կիւվտէրէլեան (Կիւվտէր)։ Ճոն անունը փոխ առնուած է այդ նաւուն նաւապետէն, որու շնորհիւ գաղթականները կը հասնին լիբանանեան ցամաքը։

Ծովը եղաւ իրեն համար իր մշտական դրացին։ Կ՚ըսէր՝ «ծովուն ու ալիքներուն մէջ բնութեան գրգռութիւնները փոխակերպում կը բերեն…, երկար ատեն աչքերս կեդրոնացնելով այդ շարժումներուն վրայ բնութեան հոգիէն մէջս կ՚անցնի հիւթ մը եւ այդ ուժով կ՚աշխատիմ երկա՜ր ժամանակ…»։

«Վահէ, ես այսօր որոշ տարիքի մը հասայ որ արուեստը, չարաչար աշխատանքս աւելցուց հաւատքս, կարծես երկնային ուժ մը կը մտնէ մարմինիս մէջ ու կեանքս կը վերածուի հրաշքի։ Ունեցայ ուրախութեան ու տառապանքի պահեր։ Սիրտս բացի ու տուի ամէն ինչ որ ստացայ։ Հասած եմ աննիւթական կեանքի մը…»։

Կիւվտէր մահացաւ Հոկտեմբեր 21-ին, 93 տարեկանին։ Մի քանի օրէն իր մահուան քառասունքն է։ Միշտ ներկայ են տարիներով Կիւվտէրին հետ ունեցած զրոյցներս՝ բանաստեղծութեան, կեանքի եւ մանաւա՛նդ արուեստի վերաբերող նիւթերու շուրջ։ Կարելիութեան սահմաններուն մէջ զանոնք գրի առած եմ եւ ծրագրած եմ հրատարակել հատորով մը։

 

 Վահէ Պարսումեան 

Փարիզ, Նոյեմբեր 2016 

«Նոր Յառաջ»