image

«Հինէն մինչեւ այսօր այսպէս եղած է հայութեան ճակատագիրը՝ տալ եւ չառնել, կառուցել եւ թողնել երթալ...» Սեդրակ Արծրունի Քիլէճեան

«Հինէն մինչեւ այսօր այսպէս եղած է հայութեան ճակատագիրը՝ տալ եւ չառնել, կառուցել եւ թողնել երթալ...» Սեդրակ Արծրունի Քիլէճեան

Սուրիոյ Պլուտան աւանի միակ հայ բնակիչ Սեդրակ Արծրունի Քիլէճեան պատասխանեց «Արեւելք»ի  հարցերուն։

 

-Ի՞նչ պայմաններու տակ հաստատուեցաք  Սուրիոյ Պլուտան   աւանը։

Մեր Պլուտան հաստատուիլը կեանքի պայմաններու բերումով եղաւ: Յարմար տեսանք, որ   դուրս   գանք  Հալէպէն եւ  Դամասկոս  բնակինք,  բայց բախտը այնպէս  մը բերաւ, որ  որոշ ժամանակ մը Դամասկոսի մէջ ապրելէ ետք Պլուտան հաստատուինք:

 

-Այսօր ի՞նչ  է հայութեան  թիւը Պլուտանի մէջ:

Պլուտանի մէջ,  որպէս  մշտական  բնակութիւն  հաստատած  ընտանիք  միայն մէկ հայ ընտանիք կայ, այն ալ մեր ընտանիքն է, բայց կան նաեւ հայ ընտանիքեր, որոնք այստեղ բնակարան ունին եւ միայն ամառնային արձակուրդը անցընելու համար կու գան։ Այսինքն Պլուտանի մէջ մասնաւոր հայութեան թիւ մը չկայ։ Այստեղ հայկական եկեղեցի ալ չունինք, բայց կան հայեր, որ կալուածներ եւ  տուներ ունին: 

 

-Ինչպէ՞ս կանցընէք ձեր ժամանակը, ինչո՞վ կը զբաղիք:

Ես ու տղաս գործատեղի մը ունինք, խանութ, միասին կ՚աշխատինք, մեքենաներու արտաքին բաժնի նորոգութիւն կ'ընենք, թիթեղ կոփել, ներկել (սաճճի, պոյաճի):

 

-Սուրիոյ պատերազմի զինուորական գործողութիւններու աւարտով, Սուրիոյ տագնապը մտաւ նոր կարեւոր փուլ մը, արդեօք դուք լաւատես էք Սուրիոյ ապագայի նկատմամբ:

Ես լաւատես եմ եւ վստահ, որ Սուրիան շատ լաւ տեղ պիտի ըլլայ, շահաբեր երկիր, բայց այդ մէկը  քիչ մը ժամանակի կը կարօտի:

 

-Ի՞նչ կ'ըսէք հայութեան մասին: Արդեօք այս ութ տարուան պատերազմէն ետք հայութեան ապագայով լաւատես էք դուք:

Գալով հայութեան ներկայ վիճակին եւ ապագային, ես այս եղածը կը վերագրեմ մեր հայ ազգի ճակատագրին, հինուց մինչեւ այսօր այսպէս եղած է հայութեան ճակատագիրը՝ տալ եւ չառնել, կառուցել եւ թողնել երթալ... Իսկ Սուրիա մնացող հայութեան համար, անոնք, որոնք դիմացան ութ տարի եւ դեռ Սուրիա են, մօտիկ ապագային լաւ օրեր  պիտի տեսնեն։

 

-Գիտենք, որ դուք ծնած եւ մեծցած էք Հաէպի մէջ, այսօր ի՞նչ յիշողութիւններ ձեզի կը կապեն Հալէպի հետ: Ի՞նչ կը յիշէք անցեալէն:

Ես Հալէպ ծնած մեծցած եմ, լաւ յիշատակներ ունիմ այդ քաղաքէն։ Մանկութեան յիշատակները ի հարկէ որ գեղեցիկ կ'ըլլան, փառք Աստուծոյ, որ ես լաւ ընտանիքի զաւակ եղած եմ՝ հայր, մայր, գործ, տեղ, բանէ պակաս չեմ եղած, չնայած, որ շատ բան ալ կորսնցուցինք, ըլլայ նիւթական, ըլլայ հարազատներ, բան մը, որ կեանքի օրէնքն է, կորսնցուցի հայրս, մայրս, հօրեղբայրս, հօրաքոյրներ, մօրաքոյրներ, անոնց կորուստը  ինծի   դառն  վիշտ պատճառեց։

 

-Պատերազմի ողջ տեւողութեան ի՞նչ էր այն իւրայատուկ դէպքը, որ դրոշմուեցաւ ձեր մտքին մէջ:

Պատերազմէն պատահարներ, որ անմոռանալի են, ինչ որ աչքովս ես տեսած եմ, շատ ծանր տեսարաններ են, խօսքով չեն բացատրուիր՝ արիւն, բզկտուած մարմիններ, աւերակ, սոսկալի պայթումներ, վախ, ինչպէս նաեւ անմոռանալի պահ էր իմ ու ընտանիքս առեւանգման դէպքը, բայց փառք Աստուծոյ, որ յետոյ մեզի ողջ առողջ ազատ թողեցին, հազար փառք տիրոջ: