image

ՀՀ վարչապետը յանձնարարած է մշակել ու մեկնարկել «Մաքուր Հայաստան» ծրագիրը

ՀՀ վարչապետը յանձնարարած է մշակել ու մեկնարկել «Մաքուր Հայաստան» ծրագիրը

ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեան կառավարութեան այսօրուան նիստին յանձնարարած է մշակել ու մեկնարկել «Մաքուր Հայաստան» նախագիծը:

Վարչապետը նշած է, որ զբօսաշրջութեան եւ ներդրումային գրաւչութեան, ինչպէս նաեւ յարմարաւէտութեան տեսանկիւնէ կարեւոր է ապահովել քաղաքներու, գիւղերու, ճանապարհներու եւ այգիներու մաքրութիւնը:

 

Տարածքային կառավարման նախարարին յանձնարարուած է երկամսեայ ժամկէտի մէջ մշակել եւ սահմանել «Մաքուր Հայաստան» հայեցակարգը՝ յստակ սահմանելով գործողութիւններու փլանն ու ժամանակացոյցը:

Կառավարութեան ղեկավարը յանձնարարած է նաեւ հայեցակարգը ներկայացնել հանրային քննարկման՝ բնապահպանութեան նախարարութեան եւ բնապահպանական ՀԿ-ներու մասնակցութեամբ: