image

ՀՀ Նախագահն ու Վարչապետը ներկայ եղած են ՀՄԸՄ-ի Հիմնադրութեան 100-ամեակին նուիրուած հանդիսութեան (Լուսանկարներ)

ՀՀ Նախագահն ու Վարչապետը ներկայ եղած են ՀՄԸՄ-ի Հիմնադրութեան 100-ամեակին նուիրուած հանդիսութեան (Լուսանկարներ)

ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 24 յուլիսին, Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմիական թատրոնին մէջ ներկայ եղած են ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակին նուիրուած պաշտօնական հանդիսութեան:

 

Տօնակատարութեան ներկայ եղած են նաեւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի ներկայացուցիչ Կարէն Աւետիսեան, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Արշակ եպս. Խաչատրեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչներ Նարեկ արք. Ալեէմեզեան եւ Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան, հայ Կաթողիկէ Գրիգոր-Պետրոս 20-րդ կաթողիկոս-պատրիարքի ներկայացուցիչ Րաֆայէլ արք. Մինասեան, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Բենիամին  Պչաքճեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան, Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարար Արթուր Խաչատրեան, Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, Կիպրոսի պետական երեսփոխան Վարդգէս Մահտեսեան, Արցախի Հանրապետութեան Մերձաւոր Արեւելքի ներկայացուցիչ Կարօ Քէպապճեան, Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետներ Մարտիկ Պօղոսեան եւ Վարդգէս Խօշեան, Համաշխարհային սկաուտական շարժումի եւրասիական տարածաշրջանի ներկայացուցիչ Շրինաթ Թրումել, ՀՕՄ-ի եւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւններու ներկայացուցիչներ, հայրենի հիւրեր եւ 100-ամեակի տօնակատարութիւններու «կնքահայրեր»: Ներկայ էին նաեւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներ, միութեան 26 շրջաններու պատասխանատուներ եւ 100-ամեակի տօնակատարութիւններուն մասնակցելու համար Երեւան ժամանած բազմահարիւր ՀՄԸՄ-ականներ:

 

Տօնակատարութեան բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի, ՀՄԸՄ-ի, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի եւ 100-ամեակի դրօշներուն սրահ մուտքով: ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի շեփորախումբի կշռութաւոր եղանակին հետ դրօշները բերին 12 սկաուտներ եւ 4 դրօշակակիրներ:

Տօնակատարութեան խօսք առաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: Ան ջերմօրէն շնորհաւորեց ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակը եւ նշեց, որ Հայաստանի թաւշեայ յեղափոխութիւնը կեանքի կոչեց ՀՄԸՄ-ի նշանաբանը` «Բարձրացի՛ր-բարձրացուր»-ը: Տարիներ շարունակ խեղճացած, կռացած հայ մարդը վեր բարձրացաւ եւ իրեն հետ բարձրացուց հայրենիքը: Փաշինեան յայտնեց, որ մենք պիտի շարունակենք բարձրանալ, մինչեւ որ ճախրենք մեր ազգային-պետական երազանքներու մակարդակին:

Շարունակելով, Հայաստանի վարչապետը կոչ ուղղեց միասնաբար բարձրանալու` բարձրացնելու համար հայ մարդոց քաղաքական գիտակցութիւնը եւ օրէնքի դիմաց անոնց ունեցած պարտաւորութիւնները: «Մենք պէտք է բարձրանանք մեր ծառայութեան մէջ», շեշտեց վարչապետը եւ աւելցուց, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է բարձրացնէ ուրիշները:

Փաշինեան իր խօսքին մէջ մեծապէս գնահատեց ՀՄԸՄ-ի դերը, իբրեւ որբախնամի աշխատանք կատարած, հայապահպանման նուիրուած եւ մարմնակրթական մեր աւանդութիւնները պահած ու պահպանած կազմակերպութիւն: Ան ըսաւ, թէ խորհրդանշական է, որ Պոլիս հիմնուած այս կազմակերպութիւնը իր հիմնադրութեան 100-ամեակը կը տօնէ ազատ ու անկախ Հայաստանի մէջ: Մենք պիտի շարունակենք բարձրանալ եւ մեզի հետ մեր հայրենիքն ալ բարձրացնել, մինչեւ ազատ ու երջանիկ Հայաստանի կերտումը, եզրափակեց ան:

 

Տօնակատարութեան գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի պետական սինֆոնիկ նուագախումբը` ղեկավարութեամբ Սերկէյ Սմբատեանի: Նուագախումբը ներկայացուց Ռուբէն Ալթունեանի եւ Խաչատուրեանի «Վարդագոյն աղջիկներու պարը», «Այշէի պարը» եւ «Վալսը», Էդուարդ Միրզոյեանէն քնարական պատկեր` «Շուշանիկ»-ը, Ռուբէն Ալթունեանի «Քոչարի 3»-ը, «Բերդ պար»-ը, Խաչատուրեանի «Սուրերով պար»-ը եւ «Գայեանէ» պալէէն հատուած մը: Նուագախումբին հետ առանձին կատարումներով հանդէս եկան մենակատարներ Աննա Այվազեան, Սիրանուշ Գասպարեան եւ Գէորգ Յակոբեան:

Տօնակատարութիւնը, որ ուղղակի սփռուեցաւ ՀՄԸՄ-ի դիմատետրի էջով, վերջ գտաւ երեկոյեան ժամը 6:30-ին: