Երեքշաբթի գիշեր Նիւ Եորքի ոստիկանութեան աշխատակից Ռայան Նաշ ահազանգ ստացած է, թէ «Stuyvestant» աւագ դպրոցի աշակերտուհիներէն մէկը անձնասպանութեան փորձ կը կատարէ: Դէպքի վայր մեկնելով Ռայան պարզած է, որ այն անձնասպանութեան լուրջ փորձ չէ, կը գրէ «Ալ Ճումհուրիէ» լրատուական կայքը:
Ճիշդ այդ պահուն, երք ոստիկան Նաշ կը գտնուէր «Stuyvestant» աւագ դպրոցին մօտ, նոյն այդ շրջանին մէջ տեղի կ'ունենայ Նիւ Եորքի արիւնալի դէպքը, երբ փոխադրակառքի վարորդ մը վրաերթի կ'ենթարկէ փողոցի անցորդները:
Վարկեաններ անց Նաշ կը հասնի դէպքի վայր, կը կրակէ ահաբեկչական արարքը գործողին ուղղութեամբ ու կը վիրաւորէ զինք, որմէ ետք վրայ կը հասնին անվտանգութեան ուժերն ու կը ձերբակալեն յանցագործը:
Նիւ Եորքի ոստիկանութեան յանձնակատար Ճէյմս Օնել մամլոյ ասուլիսի ժամանակ բարձր գնահատած է 28-ամեայ Նաշի հերոսական արարքը, շեշտելով, որ ան վտանգաւոր յարձակում մը կանխած է: Իր հերթին, քաղաքապետ Պիլ Տի Փլասիօ նոյնպէս շնորհակալութեան խօսք ուղղած է ոստիկանին, «ողբերգութիւնը կանխելու համար»:
Ներկայիս Նաշ կը մասնակցի Նիւ Եորքի ոստիկանութեան եւ «FBI»ի կողմէ իրականացուող հարցաքննութիններուն, ահաբեկչական գործողութեան մանրամասները պարզելու նպատակով:
Ամերիկեան լրատուամիջոցները «հերոս» անունը շնորհած են Նաշին: